Հռոմի նոր պապի ընտրութեան վերաբերեալ արժանթինահայութեան արձագանգին եւ գնահատականներուն համար «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկիրն այսօր» հաղորդումը զրոյց ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանի հետ` ուղիղ կապ հաստատելով Արժանթին:
Նալպանտեան ընդգծեց, որ կարտինալ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ մօտիկ յարաբերութիւններ ունեցած է Պուէնոս Այրեսի հայկական բաւական ազդեցիկ համայնքին հետ եւ առիթներ ունեցած է մասնակցելու համայնքային ձեռնարկներուն:
Հռոմի նորընտիր Ֆրանչիսկոս պապը 7 տարի առաջ, Պուենոս Այրեսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 91-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն ժամանակ կոչ ուղղած է Թուրքիոյ` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:


