Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յովհաննէսեան Կը Յայտարարէ, Որ Այլեւս Սարգսեանին Ըսելիք Չունի

March 14, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Յովհաննէսեան եւ Աղուան Վարդանեան

Արձագանգելով նախանցեալ օր Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու հանդիպման ընթացքին նախագահ Վլատիմիր Փութինի շնորհաւորական խօսքին, որուն մէջ Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ Սերժ Սարգսեան աւելի քան 60 առ հարիւր քուէ ստացած է, երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեան ռուսերէնով հակադարձեց, թէ պարոն Փութին կը սխալի:

«Ռազմավարական գործընկերութիւնը այդպէս չըլլար: Հայ ժողովուրդը կը պահանջէ իսկական ռազմավարական կարելիութիւն, որ հիմնուած չէ սուտի, կեղծիքի եւ վախի վրայ, ժողովուրդին ձայնը գողնալու վրայ, այլ նոյնինքն ժողովուրդին հետ պէտք է ըլլայ` իր եւ մեծ Ռուսիոյ համագործակցութեամբ», յայտարարեց ընդդիմադիր գործիչը:

Ռուսիայէն ետք նախագահ Սարգսեան պիտի մեկնի Պրիւքսէլ, ուր պիտի մասնակցի եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան վեհաժողովին: Հայաստանի նախագահին գլխաւորած Հանրապետական, ինչպէս նաեւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ղեկավարած Ժառանգութիւն կուսակցութիւնները կ՛անդամակցին Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ): Կուսակցութեան նախագահ Ուիլֆրիտ Մարթենս արդէն շնորհաւորած էր Սերժ Սարգսեանը վերընտրուելուն առիթով: Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին` Րաֆֆի Յովհաննէսեան սուր քննադատութեան ենթարկեց Մարթենսին` չբացառելով, որ Ժառանգութիւնը պիտի քննարկէ անդամակցութիւնը դադրեցնելու կարելիութիւնը:

Յովհաննէսեան յայտնեց, որ այս շտապողական գնահատականը տալով` Մարթենս խախտեց Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահի իր գործառոյթները: «Եթէ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը կեղծիքի ճամբով պիտի քալէ, Ժառանգութիւնը եւ ես ընդհանուր որեւէ բան չունինք այդ կուսակցութեան հետ», յայտնեց Յովհաննէսեան:

Ըստ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի, Ուիլֆրիտ Մարթենս պէտք է ոչ միայն վերատեսութեան ենթարկէ իր այս մօտեցումը, այլեւ իր գլխաւորած կուսակցութեան անդամակցող միւս կուսակցութիւններուն պատասխան տայ իր վարքին համար: «Բայց մինչ այդ մենք բոլոր ջանքերուն պիտի նախաձեռնենք, որ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը հաւատարիմ մնայ իր սեփական չափանիշներուն եւ արժէքներուն»:

Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավարը յայտարարեց, որ իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ Սերժ Սարգսեան ստեղծած են փակուղին: Ան պնդեց, որ այլեւս օրակարգին վրայ չեն գտնուիր Սերժ Սարգսեանի կատարուած իր առաջարկները` այժմու ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուան ճշդել, խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպել եւ ընտրակեղծարարները պատժել: Յովհաննէսեան նշեց, որ այս երեք առաջարկները մերժուեցան եւ ինք այլեւս որեւէ առաջարկ չունի, սակայն պատրաստ է լսելու Սերժ Սարգսեանի առաջարկները համապետական խնդիրը լուծելու վերաբերեալ:

Յայտնենք, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ հանդիպում ունեցած է ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանին հետ, որ իրեն յորդորած է այլ եղանակով շարունակել պայքարը:

Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը վաղը տեղի ունենալիք հանրահաւաքին ընթացքին պիտի հրապարակէ իր որոշումը Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցիլ-չմասնակցելու շուրջ:

 

 

Նախորդը

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Կողմ Է Միաւորման` Առանց Որեւէ Յաւակնութեան

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Թուրքմենիստանի Նախագահին Հետ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.