
Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գումարեց ընթացիկ նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 51 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստէն բացակայեցան փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել եւ նախարարներ Հիւսէյն Հաժ Հասան, Ատնան Մանսուր, Ֆատի Ապպուտ, Մարուան Շարպել, Ֆայսալ Քարամէ եւ Սելիմ Քարամ:
Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք նիստէն ետք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի ընդգծած է, որ շրջանին եւ յատկապէս Սուրիոյ դիմագրաւած զգայուն այս կացութեան մէջ անհրաժեշտ է ընդգծել շրջանային տագնապներուն նկատմամբ Լիբանանի չէզոք կեցուածքը, ինչպէս նաեւ «Պաապտայի յայտարարութեան» նկատմամբ յանձնառութիւնը:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի եւ շրջանին դիմագրաւած իրավիճակը չ՛արտօներ, որ մէկը Լիբանանի անունով անձնական կեցուածք մը արտայայտէ եւ իր տեսակէտները վերագրէ ամբողջ երկրին:
«Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ միայն իր որդեգրած քաղաքականութեան եւ յայտարարած պաշտօնական կեցուածքներուն», ըսաւ վարչապետը:
Այս մասին նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին արձանագրուեցան կեցուածքներ, որոնց լոյսին տակ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն անդամ կարգ մը նախարարներ զարմանք յայտնեցին, որ վարչապետ Միքաթի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրին նամակ մը ղրկած է: «Նախարարները շեշտեցին, որ Թաէֆի համաձայն, նախարարը վարչապետին պաշտօնեան չէ եւ, ըստ օրէնքի վարչապետը նախարարին իր դիտողութիւնները կը փոխանցէ անոր հետ հանդիպելով», ըսաւ Տաուք:
Նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Մոհամետ Ֆնէյշ, Ալի Քանսօ եւ Նիքոլա Ֆաթթուշ իրենց խօսքերուն մէջ յայտնեցին, որ Մանսուրի յայտարարութիւնը Լիբանանի չէզոք կեցուածքէն դուրս չէր եկած, յատկապէս այն առումով, որ Մանսուր քուէարկութեան չէր մասնակցած` պահպանելով Լիբանանի շահերը:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները այդ մասին չուզեցին խօսիլ` նկատի ունենալով խնդրոյ առարկայ նախարարին բացակայութիւնը:
Կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին վաւերացուց Տէյր Աամարի ելեկտրականութեան կայանին մէջ ելեկտրական հոսանքի արտադրութեան ծրագիրին վերաբերող նուազուրդին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ համաձայնեցաւ պենզինի կայաններուն շահաբաժինը վերատեսութեան ենթարկել` նկատի ունենալով վառելանիւթի սղաճը:


