Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ընդդիմութեան Արտաքին Ֆինանսաւորողները Կ՛արգելակեն Սուրիական Տագնապի Լուծումը» Կ՛ըսէ Լաւրով

March 12, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լաւրով եւ Մաննահ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ սուրիական ընդդիմութեան արտաքին ֆինանսաւորողներէն շատեր Սուրիոյ մէջ երկխօսութեան սկսման ու բռնարարքներու կասեցման արգելք կը հանդիսանան:

Ան Սուրիական ժողովրդավարական փոփոխութեան ուժերու ազգային համակարգումի մարմինի նախագահ Հայսամ Մաննահի հետ երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն առաջ յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը չի բարելաւուիր, հակառակ անոր որ բոլոր կողմերը բռնարարքներու կասեցման եւ երկխօսութեան սկսելու կարեւորութեան աւելի գիտակից դարձան: Սակայն զայն արգելակել փորձողներ գոյութիւն ունին, եւ անոնք սակաւաթիւ չեն, անոնց շարքին են ընդդիմութեան արտաքին ֆինանսաւորողները»:

Լաւրով իր խօսքը համակարգումի մարմինին ուղղելով յայտնեց, որ «մենք վստահ ենք, որ իշխանութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու հիմամբ ազգային ընդդիմութիւնը միաւորելու ձեր ջանքերը մեր յառաջ մղելիք հոլովոյթին կարեւոր օժանդակութիւն է, եւ Փարիզի մէջ ազգային ընդդիմադիր ուժերու խորհրդաժողովը (երկխօսութեան սկսելու) շինիչ քայլ էր»:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը յիշեցուց, որ սուրիական կառավարութիւնը երկխօսութեան սկսելու վերաբերեալ իր գաղափարները յայտարարեց, եւ ըսաւ. «Կ՛ուզենք այդ երկու հոլովոյթներու միաւորման նպաստել»: «Ամէնէն կարեւորը այն է, որ սուրիացիները իրենց բոլոր հարցերը իրենք լուծեն առանց արտաքին դեղատոմսերու, իրենց երկրին ու քաղաքագէտներուն ճակատագիրը իրենք որոշեն»:

Լաւրովի հետ իր հանդիպումէն ետք Մաննահ յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը սուրիական իշխանութեան հետ յառաջիկայ բանակցութեանց համար հասարակաց հիմք մը պէտք է կազմէ»:

Խօսելով Լաւրովի հետ իր հանդիպումին մասին` ան ըսաւ, որ «քննարկումները դրական մթնոլորտի մէջ ընթացան եւ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ բազմաթիւ հասարակաց կեցուածքներ գոյութիւն ունին»:

Ան աւելցուց, որ «սուրիական տագնապին նկատմամբ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքներու մերձեցումը պիտի նպաստէ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան վրայ ճնշումի բանեցման` զայն ստիպելու համար երկրին մէջ բռնարարքը դադրեցնելու»` նշելով, որ «Արաբական լիկան պէտք է իր ջանքերը կեդրոնացնէ Ժընեւի համաձայնութեան վրայ հիմնուած երկխօսութեան վրայ»:

Մաննահ յայտնեց, որ քննարկուած է տագնապին առնչակից երկու կողմերուն զէնքերու մատակարարման հարցը, ինչպէս նաեւ ապագային Սուրիան խորհրդարանական երկրի վերածելու կարելիութիւնը` նշելով, որ «Սուրիոյ տագնապին խաղաղ եւ քաղաքական լուծման ճամբան Մոսկուայէն կ՛անցնի»: Ան նշեց, որ քաղաքական լուծումն է, որ Սուրիան Սոմալիի վերածուելէն պիտի փրկէ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտարարեց, որ Ռուսիա Միջերկրականի մէջ մնայուն կերպով կայք հաստատած մարտանաւերու խումբ կազմելու եւ ապահովելու բոլոր կարելիութիւնները ունի: Ան նշեց, որ այդ հիմամբ խմբաւորումներ կազմելու որոշում մը որդեգրուած է:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Կոլանի վրայ գտնուող իսրայէլեան ուժերը պատրաստ վիճակի մէջ դրուած են եւ Իսրայէլի զինուորական ղեկավարութիւնը Սուրիոյ մէջ իրադարձութեանց մօտէն կը հետեւի:

Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զինեալ սուրիացիներ քանի մը օր առաջ Կոլանի բարձունքներուն վրայ գտնուող ապազինեալ գօտի մուտք գործած են:

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Դամասկոսի Պապ Շարքի շրջանին մէջ չորս պայթումներ զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառած են: «Մայատին» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը հաղորդեց, որ հրասանդի հրթիռներ իյնալով վիրաւորներ պատճառած են: «Մայատին» աւելի ուշ հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ Թըշրին մարզադաշտի ռմբակոծումը 5 վիրաւոր պատճառած է:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

«Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերահսկող Խորհուրդին Կազմութիւնը Պիտի Չվաւերացուի» Շեշտեց Պըրրի

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.