Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական գեղանկարիչ, հրապարակախօս, պետական մրցանակի դափնեկիր, Այնթապ հայրենակցական միութեան պատուոյ նախագահ Յակոբ Յակոբեան կնքեց իր մահկանացուն:
Ան ծնած էր 1923-ին եւ ուսանած Աղեքսանդրիոյ, ապա Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ: Մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Գահիրէի գեղարուեստի եւ Փարիզի Կրան Շոմիէ ակադեմիաներուն մէջ: 40 տարեկանին Յակոբեան առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան այցելած է եւ մինչեւ մահ հայրենիքի մէջ մնացած:


