Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՐԻՍԱՅԻ ՄԷՋ ՍՖԷՅՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԱՐ ՄԱՐՈՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 1600-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

March 7, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սֆէյր պատրիարքը կը մատուցէ պատարագը, աջին` կարտինալ Սանտրի

Մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր հրաժարեալ պատրիարքը երէկ Հարիսայի Տիրամօր տաճարին մէջ նախագահեց Մար Մարոնի մահուան 1600-ամեակին առիթով մատուցուած պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապի ներկայացուցիչ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, ինչպէս նաեւ մարոնի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներ:

Պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սֆէյր պատրիարքը նկատել տուաւ, որ լիբանանցի ժողովուրդը, հակառակ իր համայնքային տարբերութիւններուն, կը պատկանի Լիբանանին եւ ան շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ է, քան զինք շրջապատող երկիրները, որոնք կը գտնուին Միջին Արեւելքի մէջ: Ան հաստատեց, որ Լիբանան մնայուն կերպով պիտի մնայ ապահով երկիր:

Սֆէյր պատրիարքը լիբանանցիներուն գործակցութեան կոչ ուղղեց` շեշտելով, որ բոլոր քաղաքացիները հաւասար են իրենց պարտականութիւններուն եւ իրաւունքներուն մէջ:

Ան դիտել տուաւ, որ ինք բոլորէն նոյն հեռաւորութեան վրայ գտնուած է` աւելցնելով, որ անոնք, որոնք իրենք զիրենք իրմէ հեռու կը զգան, ապա իրենք են, որ հեռացած են:

Ան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ մնայուն կերպով կ՛աղօթէ, որ Աստուած իր բարիքները տեղացնէ Լիբանանի եւ մարոնի համայնքին վրայ:

Սֆէյր պատրիարքը ակնարկելով Մար Մարոնին ըսաւ, որ ան մարոնի համայնքի հայրն է եւ այս տարուան ընթացքին անոր մեծարումը մեծ եւ արտակարգ եղած է: Այս առիթով ան մաղթեց, որ մարոնի համայնքի զաւակները Աստուծոյ ծառայեն եւ ժողովուրդին սիրով ապրին:

Արտերկրի լիբանանցիներու մարոնի համայնքին ուղղելով իր խօսքը` մարոնի պատրիարքը մաղթեց, որ անոնք կառչած մնան իրենց հաւատքին եւ լիբանանեան աւանդութիւններուն ու սովորութիւններուն, ինչպէս նաեւ նուիրուած ըլլան իրենց հայրենիքին:

Իր կարգին, կարտինալ Սանտրի խօսելով Մար Մարոնի մասին յայտնեց, որ ան ամբողջ Արեւելքի մէջ եղած է վեհ սուրբ մը, որովհետեւ գետնի վրայ ներկայացուց Յիսուս Քրիստոսի իսկական պատկերը եւ եղաւ Սուրբ Հոգիին ձայնը:

Կարտինալ Սանտրի կոչ ուղղեց գերադասելու բաժանումներն ու երկփեղկումը եւ ամրապնդելու երկխօսութիւնը` ժողովուրդներուն եւ տարբեր կրօններուն միջեւ:

Պատարագէն ետք Սֆէյր պատրիարքը եւ կարտինալ Սանտրին ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները:

Նախորդը

ՌԻԱՏԻ ՄԷՋ ՀԱՐԻՐԻ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԿՈՂՄԷ

Յաջորդը

ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.