Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պզուկ Կամ Պատանեկան Բշտիկաւորում

February 28, 2013
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ   

Պզուկը (acne) մորթի մազապարկիկներու (hair follicles) եւ ճարպագեղձերու բորբոքումով մորթի մակերեսին վրայ յառաջացած բշտիկաւոր հիւանդութիւնն է: Անիկա կը յայտնուի գլխու եւ երեսի վրայ, յատկապէս` ճակատին, այտերուն, շրթունքին, կզակին եւ վիզին վրայ: Պզուկը կը պատահի պատանիներու, երիտասարդներու եւ տարեցներու մօտ, առանց սեռի եւ գոյնի խտրութեան: Սակայն ան առաւելաբար տեսնուած երեւոյթ է պատանիներուն մօտ, արբունքի շրջանին:

Պզուկը կը յայտնուի զանազան ձեւերով.

1. Պարզ կարմրագոյն բշտիկներով (papule),
2. Թարախաբշտիկներով (pustules) եւ կայծորիկներով (furuncles),
3. Մազով լեցուն թարախաբշտիկներով (comedon),
4. Պարկային բշտիկներով (cystic),
5. Հանգոյց-կծիկներով (nodule).

Պզուկի ախտապատճառներն են.

Ա. Հիմնական ախտապատճառներ`

ա. Ներազդակային (hormonal) խանգարումներ, որոնք տեղի կ՛ունենան`

1. Արբունքի շրջանին.
2. Յղութեան 9 ամիսներու ընթացքին,
3. Դաշտանամիջոցին,

4. Դաշտանադադարին.

Վերոյիշեալ չորս պարագաներուն տեղի կ՛ունենան մնայուն կամ ժամանակաւոր ներազդակային խանգարումներ եւ փոփոխութիւններ: Այս ներազդակները կը գրգռեն մորթի ճարպային գեղձերը, որոնք բնականէն աւելի ճարպ արտադրելով` պատճառ կը դառնան պզուկի յայտնաբերումին:

բ. Գերքրտնութիւն եւ մորթի խոնաւութիւն, որ կը պատահի մանաւանդ ամառ եղանակին.

Բ. Երկրորդական ախտապատճառներ`

ա. Մորթի մաքրութեան գործածուած որոշ օծաններ.
բ. Դէմքի անբաւարար մաքրութիւն,
գ. Տուրմի չափազանց սպառում,
դ. Սեռային կեանքի աշխուժութիւն,
ե. Ճարպակալում-գիրութիւն.

Պզուկը  կրնայ ըլլալ`

1. Մեղմ կամ ուժգին,
2. Փոքր տարողութեամբ կամ տարածուն` ամբողջ դէմքին եւ գլխուն վրայ,
3. Անցողակի կամ մնայուն.

Պատանեկան տարիքին պատահած պզուկի բշտիկները ընդհանրապէս կը բարելաւուին եւ կ՛անհետանան մինչեւ 20 տարեկան: Քիչ պարագաներուն եւ մանաւանդ կիներու մօտ պզուկը կը դառնայ մնայուն երեւոյթ մինչեւ 40 տարեկան:

Պզուկը կրնայ յառաջացնել կարգ մը բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են`

1. Գլխու եւ դէմքի մորթի երկրորդական բորբոքում, որ կը յառաջանայ, երբ պզկոտ պատանին շարունակ կը խաղայ իր բշտիկներով եւ կամ  կը քերէ զանոնք.
2. Թարախաբշտիկներու մնայուն սպիացում.
3. Ամօթխածութիւն, ընկճուածութիւն եւ զանազան զգացական ու հոգեբանական խանգարումներ պզկոտ պատանիներուն մօտ արբունքի շրջանին.

Պզուկի դարմանումը կը կայանայ որոշ միջոցառումներով`

1. Ճարպի արտադրութեան նուազումի դեղերու գործածութիւն,
2. Հակամանրէ դեղերու գործածութիւն,
3. Գլխու եւ դէմքի մորթի յարատեւ մաքրութիւն` յատուկ օճառներով, օծաններով եւ լոգանքով:

 

Մոնրէալ

 

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Թանկ Բարեւ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։