Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Որեւէ Շարժում Յախուռն Վիճակով Չի Կրնար Արդիւնք Տալ. Շարժումը Պէտք Է Ձեւաւորուի» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

February 25, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան անցեալ ուրբաթ օր Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ պայքարի ձեւը ժողովուրդին համախմբումն է յստակ ծրագիրներով եւ յստակ քայլերով: Ըստ Ռուստամեանի, յստակ ծրագիրը այն է, որ շարժումը պէտք է իսկապէս ձեւաւորուի: Ան աւելցուց, որ ատիկա լուրջ եւ երկարատեւ աշխատանք պահանջող հարց է, եւ բոլորին ջանքերը պէտք է գումարուին:

Ան նշեց, որ որեւէ շարժում յախուռն վիճակով չի կրնար արդիւնք տալ. ատիկա պէտք է կազմակերպուած պայքարի վերածուի: Ինչ կը վերաբերի շարժումը մարելու լրագրողներու մտահոգութեան, ապա ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին ներկայացուցիչը նշեց, որ ատիկա կախեալ է բոլորէն եւ բոլորը պէտք է անմիջապէս աշխատին, որպէսզի շարժումը չմարի:

Ռուստամեան ընդգծեց, որ իշխանութիւններու ուզածն ալ շարժումին մարիլն է:

Արմէն Ռուստամեան, անդրադառնալով կազմակերպչական միջոցներուն, նշեց, որ շարժումը աւելի ընդլայնելու համար տարբեր ձեւեր, միջոցներ, եղանակներ կան, եւ աշխարհը բազմաթիւ փորձառութիւններ ունի` այսպիսի շարժումներ ձեւաւորելու եւ իրականացնելու համար:

«Մենք մեր փորձառութիւնը ունինք եւ հաշուի առնելով, որ այստեղ հաւաքուած են մարդիկ, որոնք այդպիսի երկարատեւ պայքարի փորձառութիւն ունին, իրարու հետ համատեղուելով կարելի է լուծումներ գտնել», ըսաւ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը: Ան աւելցուց, որ Դաշնակցութեան փորձառութիւնը նկատի ունենալով, չկրկնելով անցեալի սխալները, կարելի է այնպիսի շարժում մը կազմակերպել եւ իրականացնել, որ անիկա օրըստօրէ աւելի թափ հաւաքէ եւ անով միեւնոյն ժամանակ մնայ սահմանադրական եւ օրինական ծիրին մէջ: Ռուստամեան համոզում յայտնեց, որ այդ եղանակով պայքարը ուշ կամ կանուխ իշխանութեան մօտ պիտի ստեղծէ այնպիսի վիճակ մը, որ իրենք դուրս պիտի գան սահմանադրութեան ծիրէն, իսկ այդ ժամանակ արդէն խնդիրները պիտի տեղափոխուին այլ դաշտ:

Ըստ Ռուստամեանի, շարժման գլխաւոր նպատակը ժողովուրդին իշխանութիւնը հաստատելն է: «Եթէ մենք սահմանադրական ճամբով կը քալենք, ատիկա կ՛ենթադրէ ամէն առիթ օգտագործել` նպատակին հասնելու համար: Այդ առիթները կ՛ըլլան, այդ առիթները մենք պէտք է կարենանք ճիշդ գնահատել եւ չուշանալ», եզրափակեց Ռուստամեան:

 

 

Նախորդը

Ուատի Խալետի Հիշէ Գիւղաքաղաքը Սուրիական Ռմբակոծումի Թիրախ Կը Դառնայ

Յաջորդը

Չեխիոյ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները Ձախողեցուցած Են Ազրպէյճանական Ձեռնարկը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.