Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Փետրուար 1963)

February 25, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր Յուզումի Եւ Յորդաբուխ
Արցունքներու
Մէջ Երէկ Տեղի Ունեցաւ

ՆՍՕՏՏ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին Թաղումը

Վարչապետ Քարամէ` Յանուն Հանրապետութեան Նախագահին, Բազմաթիւ Նախարարներ, Դիւանագիտական Մարմինի Անդամներ, Երեսփոխաններ, Քրիստոնեայ Համայնքներու Հոգեւոր Պետեր, Բարձրաստիճան Անձնաւորութիւններ Եւ Ծովածաւալ Բազմութիւն Մը Ներկայ Գտնուեցան

Նախագահ Ֆուատ Շեհապ Այսօր
Պիտի
Այցելէ Անթիլիաս

Երէկ` կիրակի, 24 փետրուարին, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի թաղման յուզիչ արարողութիւնները:

Առաւօտեան առաջին ժամերէն սկսեալ ժողովուրդը, ստուար շարքերով, կը խուժէր կաթողիկոսարան` յարգանքի եւ սիրոյ վերջին տուրքը մատուցանելու համար իր սիրելի հովուապետին: Մասնաւոր յանձնախումբ մը եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ կը հսկէին կարգապահութեան, որ անթերի էր:

Ժամը 9:00-ին սկսաւ սուրբ եւ անմահ պատարագը, զոր մատոյց ամերիկահայ թեմի առաջնորդ Հրանդ եպս. Խաչատուրեան, Ս. պատարագը երգուեցաւ Եկմալեան եղանակով: «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի: Պատարագի սկիզբին Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեան եպիսկոպոսական դասուն, միաբանութեան եւ օտար բարձրաստիճան եկեղեցականներու շքախումբով վեհարանէն իջաւ եկեղեցի:

Եկեղեցական հոգեպարար արարողութեանց ներկայ գտնուեցան վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ, որ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապը, խորհրդարանի փոխնախագահ Մունիր Ապու Ֆատել, նախարարներ` Փիեռ Ժեմայէլ, Ժան Ազիզ, Ֆուատ Պութրոս եւ Օսման Տանա, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ, Փորթուգալի, Ազգայնական Չինաստանի, Սպանիոյ, Սուտանի, Իրաքի, Ֆինլանտայի, Իրանի, Յունաստանի, Պելճիքայի եւ Ուրուկուէյի դեսպանները, ԱՄՀ-ի դեսպանատան կցորդը, բազմաթիւ զինուորական եւ այլ կցորդներ, պետական երեսփոխաններ` Շեֆիք Մուրթատա, տոքթ. Իլիաս Խուրի, Շարլ Սաատ, Լուի Ապու Շարաֆ, զօրավար Ժեմիլ Լահուտ, Մորիս Ժեմայէլ, Ֆատլալլա Թալհուք, Էմիլ Մուքարզել, Ժոզեֆ Չատեր, Ռեմոն Էտտէ, Ապտալլա Մաշնուք, Անթուան Սեհնաուի, Նուհատ Պուեյզ, Հապիպ Մութրան, Ֆուատ Պոն, Ֆիլիփ Ժերմանոս, Հիւսէյն Մանսուր, Մոհսեն Սլիմ, տոքթ. Ալպեր Մուխայպեր, Ապտօ Սաապ, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան, Վարդգէս Շամլեան, հանրապետութեան նախագահութեան դիւանապետ Ժորժ Հայմարի, Պէյրութի քաղաքապետ Էմիլ Եաննի, ամերիկեան եւ ֆրանսական համալսարաններու տնօրէնութեանց ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ ելեւմտական նախկին նախարար Լէոն Զամարիա եւ բազմաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ ու Սուրիայէն, Իրանէն, Կիպրոսէն եւ Յունաստանէն եկած պատուիրակութիւններ ու Ազգային իշխանութեանց անդամներ:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարի աջակողմեան եւ ձախակողմեան դասերը գրաւած էին հայ կաթողիկէ, հայ աւետարանական, մարոնի, յոյն կաթողիկէ, յոյն օրթոտոքս, սիրիան օրթոտոքս, սիրիան կաթողիկէ, ղպտի եւ քրիստոնեայ այլ համայնքներու հոգեւոր պետերը կամ անոնց ներկայացուցիչները:

Ներկայ էր նաեւ Լիբանանի Մեծ միւֆթիին ներկայացուցիչը:

«Հայր Մեր»-էն առաջ, դպրեվանքի տեսուչ հոգշ. Գարեգին վրդ. Սարգիսեան ֆրանսերէն լեզուով կարդաց տպաւորիչ դամբանական մը:

Դամբանական քարոզէն ետք, եկեղեցական դասը, վեհին դագաղին շուրջ բոլորուած, կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն` նախագահութեամբ պատրիարք հօր:

Այնուհետեւ, պաշտօնական հիւրերը մեկնելէ առաջ, վեհարան բարձրացան, անգամ մը եւս իրենց ցաւակցութիւնները յայտնելու Խորէն արքեպիսկոպոսին եւ Կիլիկիոյ միաբանութեան:

Վեհին Թաղումը

Ս. պատարագէն ետք դագաղը (վարդապետներու կողմէ ուսամբարձ եւ ժողովուրդի յորդահոս արցունքներուն մէջ առաջնորդուեցաւ դէպի իր վերջին հանգստարանը, ուր տեղի ունեցան թաղմանական տխուր արարողութիւնները:

Աննկարագրելի յուզում մէջ երջանկայիշատակն Զարեհ Ա. կաթողիկոսին դագաղը իջեցուցին իր դամբանին մէջ եւ գերեզմանին կնքումը կատարեց Խորէն սրբազան:

Խոր յուզումով, հրաժեշտի վերջին դամբանականը խօսեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Չէպէեան:

Ընդհանուր յուզումի այս պահուն, սրտաբուխ պոռթկումով, միաբանութիւն եւ ժողովուրդ, արցունքով երգեցին Վեհին այնքան սիրած «Կիլիկիա» երգը:

Դժուար եղաւ ժողովուրդին` բաժնուիլ իր պաշտելի վեհափառին թարմ հողակոյտէն:

Այնուհետեւ, բազմահազար հաւատացեալները վերջին ծայր կարգապահութեամբ, վեհարան բարձրացան եւ աջը առին Խորէն արքեպիսկոպոսին` յայտնելով իրենց ցաւակցութիւնները:

 

 

Նախորդը

Նուլընտ Անդրադարձած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցին

Յաջորդը

Մարդկութեան Ներկան. Աշխարհի Տարածքին Արտադրուած Սննդեղէնին Կէսը Կը Թափուի

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.