Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ Սուրիական ազատ բանակը Լիբանանի դէմ ապահովական ոչ մէկ գործողութիւն պիտի կարենայ կատարել` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն անվտանգութեան պաշտպանութիւնը լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնն է:
Միւս կողմէ, սակայն, Սուրիական ազատ բանակը յայտնեց, որ Հերմելի եւ Քսայրի մէջ ռմբակոծած է զինուորական դիրքեր, որոնք կը պատկանին Հըզպալլայի:
Սուրիական ազատ բանակի հրամանատարութիւնը անձամբ սպառնաց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի` զայն կոչելով ոճրագործներու եւ աշխարհազօրի պետ:
Սուրիական ազատ բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ սէյիտ Նասրալլայի ենթադրեալ կեանքը արդէն իսկ աւարտած է:


