Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Փետրուար 1963)

February 19, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաղաքական

Բուռն Մտահոգութիւններ
Միջին
Արեւելքի Մէջ

«Լը Մոնտ»-ի Խիստ Ուշագրաւ
Խմբագրականը

Պաղտատի մէջ գործադրուած պետական հարուածը բուռն մտահոգութիւններ կը պատճառէ Միջին Արեւելքի մայրաքաղաքներուն մեծ մասին մէջ: Բոլոր դէտերը համաձայն են հաստատելու, թէ զօրավար Քասըմի վարչաձեւին տապալումը կը բանայ դարաշրջանը մեծ անկայունութեան մը, որուն վախճանը ո՛չ ոք կրնայ նախատեսել:

Գնդապետ Ապտել Սալամ Արեֆի իշխանութեան տիրացումը յստակ կերպով ցոյց կու տայ, թէ մեծամասնութիւնը (եթէ ոչ ամբողջութիւնը) պետական հարուածին հեղինակներուն նախագահ Նասըրի կարծիքը կը բաժնեն` արաբական միութեան առնչութեամբ: Եմէնի մէջ ծայր տուած յեղափոխութենէն հինգ ամիս հազիւ անցած` նախագահը նոր յաղթանակ մը կը տանի իր հակառակորդներուն վրայ:

Սուրիոյ մէջ, ուր վերջին շաբաթներուն բազմապատկուեցան նասըրական ցոյցերը, կը վախցուէր, որ վարկի այս բարձրացումը նոր խռովութիւններ ստեղծէ:

Յորդանանի մէջ, ուր նախագահ Նասըր միշտ կը վայելէ որոշ ժողովրդականութիւն մը, մասնաւորաբար` պաղեստինեան ծագումով բնակչութեան մօտ, յուզումը աւելի մեծ եղած ըլլալ կը թուի: Հիւսէյն թագաւոր անմիջապէս խորհրդակցեցաւ իր դահլիճի անդամներուն եւ իր սպայակոյտի պետին հետ: Զինեալ բոլոր ուժերը ահազանգի դրութեան մէջ դրուեցան: Վարչապետը լոյս ընծայեց հաղորդագրութիւն մը, զգուշացնելով բոլոր անոնք, որոնք կրնան փորձուիլ ուղղակի միջամտութիւն մը կատարելու Իրաքի մէջ, այս ձեւով, մատնանիշ ընելով Արաբական Միացեալ Հանրապետութիւնը: Հաղորդագրութիւնը անսեթեւեթ կերպով կը հասկցնէ, թէ Յորդանան պիտի չվարանէր միջամտելու, իր կարգին, պաշտպանելու համար Իրաքի անկախութիւնը:

Նասըրական վարչաձեւի մը Պաղտատի մէջ հաստատումը վճռապէս վիժեցնելու նոյն տրամադրութիւնը կը յայտնաբերուի Սէուտական Արաբիոյ մէջ, որուն ապահովութիւնը արդէն իսկ վտանգուած էր եգիպտական ուժերուն Եմէնի մէջ ներկայութեամբ: Մտատանջութիւնը համակած է նաեւ սահմանակից այլ երկիրներուն, եւ յատկապէս` Թուրքիոյ ու Իրանի քաղաքական վարիչները: Թուրքիոյ մէջ սպաները միշտ կ՛երազեն կեանքի վերակոչել 27 մայիս 1960-ի յեղափոխութիւնը:

Այժմէն իսկ Թեհրան իր սահմանները փակեց Իրաքի հետ` վախնալով անտարակոյս, որ տակնուվրայութիւնները տարածուին Պարսկաստանի վրայ: Շահը այժմ մտած է խիստ փափուկ գործողութեան մը` բարեշրջումի մէջ եւ հարկադրուած է դիմակալելու յամառ այն ընդդիմութիւնները, որոնք սահմանէն անդին կրնան թանկագին նեցուկներ գտնել: Ծանօթ է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզուած են Իրանի ու Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան միջեւ, եւ թէ նախագահ Նասըր իր ամբողջ հոգիով կը ցանկայ Փահլեւի միապետութեան անկումը:

Իրանի կառավարութեան համար թերեւս աւելի ծանրակշիռ է քրտական հարցը: Իրաքի քիւրտերը յարեցան յեղափոխութեան, ու եթէ Պաղտատի կառավարութիւնը վճռէ անոնց շնորհել ինքնավարութիւնը, զոր այնքա՜ն յամառօրէն կը պահանջեն: Իրաքի քիւրտերը պիտի չթերանան պահանջելու նմանօրինակ կացութիւն մը: Իրան, ուր քիւրտերը վերջին տարիներուն պահեցին օրինակելի հանդարտութիւն մը, այն ատեն պիտի ստիպուի դիմակալելու նոր ու ծանրակշիռ դժուարութիւններ:

Այսուհանդերձ, ըսած չէ, թէ իրաքեան նոր վարչաձեւը գոհացում պիտի տայ քիւրտ բնակչութեան: Գնդապետ Արեֆն ու իր ընկերները արաբ համոզուած ազգայնականներ են, որոնք բնաւ համամիտ եղած չեն քրտական ազգայնականութեան: Եթէ ուրբաթ օր Յեղափոխական խորհուրդը ողջունեց «քրտական փառապանծ յեղափոխութիւնը», կասկած չկայ, թէ ան այդ շարժուձեւը անհրաժեշտաբար ըրաւ` ի մտի ունենալով նոր վարչաձեւին անկայունութիւնը: Արդարեւ, նոր վարչաձեւին ճակատագիրը կախում ունի, մեծ համեմատութեամբ մը, զօրավար Պարազանիէն, որ քրտական ապստամբութեան պետն է:

Բաց աստի, գնդապետ Արեֆ հարկադրուած պիտի ըլլայ հաշուի առնելու այն թշնամական դիրքը, զոր քիւրտերը ունին Իրաք-Եգիպտոս միութեան մը հանդէպ: Եգիպտացի բարձրաստիճան անձնաւորութիւն մը ուրբաթ օր իրաքեան պետական հարուածը կը կոչէր «եգիպտական յեղափոխութիւն»: Ներկայ պայմաններուն տակ գոնէ այս հաստատումը քիչ մը կանխահաս է:

«ԼԸ ՄՈՆՏ»

11-2-63
Թարգմ. ԵՂԻՇԷ

 

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«ԱՖՀԻԼը Ոչ Միայն Ինքնաբաւ Կառոյց Է, Այլ Օգտակար Կը Դառնայ Ուրիշներու», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Յակոբ Լատոյեան

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։