Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էշրեֆիէի Մար Նիքոլա Եկեղեցւոյ Մէջ Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Անտիոքի Եւ Համայն Արեւելքի Պատրիարքը Կը Մատուցէ Իր Ա. Պատարագը

February 18, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յոյն ուղղափառ համայնքի Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ Էշրեֆիէի Մար Նիքոլա եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց իր Ա. պատարագը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը, քրիստոնեայ այլ համայնքներու հոգեւոր պետեր, քաղաքական անձնաւորութիւններ, դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Իր արտասանած քարոզին մէջ Եազիժի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանանը յոյն ուղղափառ համայնքին համար իւրայատուկ տեղ ունի` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող ազատութիւնն ու կայունութիւնը եւ ոչ թէ տագնապներու դաշտ ըլլալու անոր իրականութիւնը:

Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը

Եազիժի պատրիարքը մաղթեց, որ սիրոյ եւ աղօթքի արմատներ նետուին, որպէսզի Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը վերահաստատուի:

Ան Աստուծմէ հայցեց Սուրիայէն հեռացնել փորձանքները:

Ան շեշտեց, որ իսլամ համայնքը հայրենիքի իրենց գործակիցներն են եւ միասնական գործակցութեամբ է, որ կարելի պիտի ըլլայ փայլուն ապագայ մը կերտել:

Պատարագէն ետք, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Եազիժի պատրիարքին:

Ճաշկերոյթին ընթացքին Աուտէ եպիսկոպոս մաղթեց, որ Աստուած պահպանէ Լիբանանը, Պէյրութը վերածէ խաղաղութեան նաւահանգիստի եւ համերաշխութեան ու համակեցութեան տիպար օրինակին:

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա Պատասխանեց Սաատ Հարիրիի Յայտարարութիւններուն

Յաջորդը

Թուրքիոյ Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւնը Հայկական Եկեղեցւոյ Մօտ Ցոյց Կազմակերպած Է` Ընդդէմ Կիներուն Դէմ Բռնութիւններու

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։