Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա. «Սուրիոյ Կացութիւնը Կը Վատթարանայ». Պոկտանով Կը Զգուշացնէ Սուրիոյ Քայքայումէն

February 15, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միխայիլ Պոկտանով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտնեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի Սուրիոյ շուրջ «Աշխատանքային խմբակ»-ը ընդլայնելով խմբակին Եգիպտոսը, Սէուտական Արաբիան եւ Իրանը, ինչպէս նաեւ կարգ մը շրջանային երկիրներ, ինչպէս Լիբանանն ու Յորդանանը` միացնելու գաղափարին` շեշտելով, որ խմբակը կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է ժողով գումարէ, որովհետեւ ներկայ կացութիւնը կրնայ Սուրիոյ քայքայման առաջնորդել:

Պոկտանով զգուշացուց, որ Սուրիոյ կացութիւնը չի բարելաւուիր, այլ ընդհակառակն` այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, կը սպառնայ Սուրիան մասնատել եւ քայքայել, բան մը, որ կրնայ Սուրիոյ Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ չմնալ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը նշեց, որ իր երկիրը սկիզբէն ի վեր աշխատանքային խմբակի անդամներու յաւելման կողմնակից եղած է, սակայն «առաջին հանգրուանին անհրաժեշտ էր միջազգային լայն համախոհութեան հասնիլ, ապա կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները մեր աշխատանքին մասնակից դարձնել»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ իր կարգին յայտնեց, որ «Մոսկուա աշխուժօրէն կ՛աջակցի բոլոր անոնց, որոնք Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծում գտնել կը ջանան»: «Դժբախտաբար, Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կը վատթարանայ, ներքին բախումներուն կշռոյթը չի դանդաղիր եւ ծայրայեղականներուն միջեւ իսկ բախումներ կ՛արձանագրուին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է «արեան բաղնիքը դադրեցնելու եւ երկխօսութեան սկսելու համար» որեւէ միջոցառում որդեգրել:

Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման «ճամբան կ՛անցնի սուրիական ներքին լայն երկխօսութեան մը ուղիէն»: Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ Սուրիա պիտի շարունակէ տագնապին բոլոր կողմերուն եւ արտաքին դերակատարներուն հետ ջանք թափել` աջակցելու համար անոնց, «որոնք Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման կը ձգտին»:

Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի տակաւին կը խաղայ կարեւոր դերակատարութիւն մը, որուն Ռուսիան կը շարունակէ զօրակցիլ:

Մինչ այդ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ լիկան «ժամանակին դէմ մրցումի մէջ է եւ կ՛օգտագործէ կարելի բոլոր միջոցները` դադրեցնելու համար սուրիական վէրքին արիւնահոսութիւնը» եւ կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը մղելու համար տագնապին խաղաղ ճամբով ելք մը գտնելու, ինչպէս նաեւ կը շարունակէ վարչակարգին կոչ ուղղել ընդառաջելու սուրիացի ժողովուրդին պահանջներուն:

Միւս կողմէ, Դամասկոսի մէջ Իրանի դեսպանատունը երէկ յայտարարեց, որ իրանցի պաշտօնատար մը «զինեալ ահաբեկիչներու» կողմէ սպաննուած է Սուրիայէն Լիբանան ուղեւորութեան ընթացքին:

Դեսպանատունը յայտնեց, որ պաշտօնատարին անունը Հուսամ Խոշ Նովիս է եւ 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն ետք ստեղծուած Լիբանանի վերակառուցման իրանեան մարմինի պաշտօնատարներէն էր: Սակայն Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը իր կայքէջին վրայ յայտնեց, որ սպաննուած անձնաւորութեան անունը զօր. Հասան Շաթիրի է, պահակագունդի հրամանատարներէն է եւ «վարձկաններու եւ սիոնական վարչակարգի գործակալներու ձեռամբ» սպաննուած է չորեքշաբթի գիշեր` Դամասկոսէն Պէյրութ ուղեւորութեան ընթացքին: Ան Լիբանանի հետ Սուրիոյ սահմանին մօտ գտնուող Զապատանի գիւղին մէջ լարուած թակարդի մը մէջ ինկած է:

Սուրիական ազատ բանակի միացեալ հրամանատարութեան բանբեր Ֆահըտ Մասրի իր կարգին յայտարարեց, որ ճարտարապետ Հուսամ Խոշ Նովիս իր շարք մը օգնականներուն եւ հետեւորդներուն հետ սպաննուած է Դամասկոսի մօտ գտնուող Ժամրայա քաղաքին մէջ գիտական հետազօտական կեդրոնին դէմ իսրայէլեան վերջին յարձակումին ընթացքին, երբ դէպի Լիբանան հրթիռներու տեղափոխման գործողութեան կը հսկէր:

Ան նշեց, որ «այն, ինչ որ Լիբանանի մէջ վերակառուցման մարմին կը կոչուի, ծածկոյթ մըն է, որուն միջոցով Լիբանանի մէջ կը գործեն Յեղափոխական պահակագունդի ղեկավարները, սպաներն ու անդամները»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի բուռն կերպով դատապարտեց Լիբանանի վերակառուցման իրանեան կազմակերպութեան ղեկավարին սպանութիւնը: Իրանի արտաքին գործոց արաբական եւ ափրիկեան հարցերով փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապելլահեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «անկասկած, Նովիս ժիհատի եւ դիւանագիտութեան մարզին մէջ անմահ անձնաւորութիւններէն է, եւ իրանեան դիւանագիտական ծառայութիւնը անոր դրական ու շինիչ դերակատարութեամբ հպարտ կը զգայ»: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Նովիսի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է երէկ` մասնակցութեամբ Յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատար Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի, «Քուտս» ջոկատի հրամանատար զօր. Քասեմ Սուլէյմանիի եւ բոլոր զինուորական հրամանատարներուն:

Մինչ այդ, Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւին` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Իսամ Արիան յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու անդամներէն Մոհամետ Մահրազ Սուրիոյ մէջ Սուրիական ազատ բանակի շարքերուն մէջ կռուած ատեն սպաննուած է:

Միւս կողմէ, թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ առեւտուրի եւ մաքսատուներու նախարար Հայաթի Եազըճը յայտարարած է, որ գրաւուած են մեծ քանակութեամբ զէնքեր, որոնք անցեալ դեկտեմբերին Թուրքիայէն Սուրիա պիտի մաքսանենգուէին: Ան հերքեց այն պնդումները, թէ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ ընդդիմութիւնը կը զինէ:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Պաքուի Կոչ Ուղղած Է Յարգելու Խօսքի Ազատութեան Իրաւունքն Ու Ապահովելու Գրող Այլիսլիի Անվտանգութիւնը

Յաջորդը

Ազրպէյճան Պահեստային Սպաներու Զօրահաւաքի Կը Սկսի

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.