Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարին Թուրքիա Կը Մերժէ Դրացի Արաբական Երկիրներու Որեւէ Մասնատում Եւ Շրջանի Պետութեանց Արդար Դատերուն Կը Զօրակցի

February 15, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նաժի Քորու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Նաժի Քորու Թուրքիոյ եւ արաբական երկիրներուն կոչ ուղղեց իրենց միջեւ յարաբերութեանց ամրապնդման համար յաւելեալ ջանք թափելու եւ բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնելու:

Արաբական եւ միջազգային յարաբերութեանց խորհուրդի առաջին միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ան ըսաւ, որ «Թուրքիոյ եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը իւրայատուկ ձեւով կ՛ընթանայ»` նախատեսելով, որ այդ գործակցութիւնը նպաստէ այդ պետութեանց բարգաւաճման: Ան ըսաւ, որ Թուրքիա կը ձգտի միջազգային կազմակերպութեանց մէջ թուրք-արաբական շահերուն սիրոյն կեցուածքներու միաւորման` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է հասկնալ շրջանին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական փոփոխութիւնը եւ նկատի ունենալ իւրաքանչիւր երկրի առանձնայատկութիւնները:

«Թուրքիա պատրաստ է իր ժողովրդավարական փորձառութիւնը տալու ատոր կարիք ունեցող երկիրներուն, եւ կը հաւատայ, որ իսլամութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը որեւէ երկրի մէջ ազնիւ համակեցութեան երկու բնորդներ են:

Խօսելով պաղեստինեան դատին մասին` Քորու շեշտեց, որ «պէտք է աջակցիլ պաղեստինցի ժողովուրդին` մինչեւ որ իր անկախ պետութիւնը հաստատէ»` վստահեցնելով, որ «Թուրքիա այդ  աջակցութիւնը տրամադրելու պիտի չզլանայ»: «Իսրայէլ պէտք է վերջ տայ իր պաշարումին, որովհետեւ անկարելի է պաղեստինցի ժողովուրդին համար իսրայէլեան այսպիսի պաշարման լոյսին տակ արդար խաղաղութիւն ըլլայ», ընդգծեց Քորու:

Ինչ կը վերաբերի սուրիական թղթածրարին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը ըսաւ, որ «սուրիական վարչակարգը սուրիացի ժողովուրդի պառակտումը շահագործեց, իսկ Թուրքիա վստահ է, որ սուրիացի ժողովուրդը այս վարչակարգին նպատակները գիտէ եւ իր դիմագրաւած տագնապը յաղթահարելու համար կրնայ որեւէ տարակարծութիւն շրջանցել»:

«Թուրքիա շրջանի պետութեանց բոլոր արդար դատերուն կը զօրակցի, որովհետեւ շրջանին մէջ կայունութեան կարեւորութեան կը հաւատայ», ըսաւ Քորու` շեշտելով, որ «Թուրքիա կը մերժէ դրացի արաբական երկիրներուն մէջ որեւէ մասնատում»:

 

Նախորդը

Միջին Արեւելքի Մէջ Ջուրի Պաշարները Կտրուկ Կերպով Նուազած Են

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Պաքուի Կոչ Ուղղած Է Յարգելու Խօսքի Ազատութեան Իրաւունքն Ու Ապահովելու Գրող Այլիսլիի Անվտանգութիւնը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.