Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Փետրուար 1963)

February 15, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Սարգիսի Տօնին Առթիւ Վեհափառին
Անցքը Արագած Թաղէն

Ս. Սարգիսի տօնակատարութեան առթիւ Արագած թաղի եւ Սին էլ Ֆիլի հայութիւնը ջերմ փափաք յայտնած էր, որ վեհափառը անցնի Արագած թաղի գլխաւոր ճամբէն:

Շրջանի ԼՕԽ «Արագած» վարչութեան, Ազգային Արամեան վարժարանի հոգաբարձութեան եւ թաղեցի երեւելիներու նախաձեռնութեամբ փառաւոր ընդունելութիւն մը կազմակերպուեցաւ ի պատիւ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին:

Կանուխէն պատրաստուած էր յաղթական կամար մը եւ երեք պաստառներ, հոգաբարձութեան, «Արագած» վարչութեան եւ թաղեցի ժողովուրդին անունով` բարի գալուստ մաղթելով Նորին Ս. Օծութեան:

Ընդհանուր խանդավառութեան մէջ, ժամը 9:40-ին վեհափառին թափօրը կանգ առաւ առաջին պաստառին առջեւ, ու վեհափառի, Լիբանանի առաջնորդ Խորէն սրբազանի եւ այլ երեւելիներու ներկայութեան, մորթուեցաւ ոչխար մը: 12 սպիտակազգեստ աշակերտներ շրջապատեցին վեհափառը եւ երկու աշակերտներ վեհափառին նուիրեցին ծաղկեկողով մը` Ազգային Արամեան վարժարանի հոգաբարձութեան կողմէ:

Թափօրը հետիոտն կ՛իջնէր դէպի կամարը, մինչ Ազգային Արամեան վարժարանի աշակերտներ ծաղիկներ կը նետէին ճամբուն վրայ եւ գորգապատ պատշգամներէն ծափերու տարափներ կը թնդացնէին թաղը: Երկրորդ կամարին տակ եւս մորթուեցաւ ոչխար մը եւ երրորդ մը մորթուեցաւ Սվազ թաղի մէջ, երրորդ պաստառին ներքեւ:

Ժողովուրդի խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասած էր, որովհետեւ առաջին անգամն էր, որ վեհափառը կ՛անցնէր այս թաղէն` ընդառաջելով թաղեցի հայ հաւատացեալներու բուռն փափաքին:

Մորթուած երեք ոչխարներէն մէկը ղրկուեցաւ կաթողիկոսարան, երկրորդը կուրանոց, երրորդն ալ Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»:

ԹԱՂԵՑԻ

 

Օծում Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ
Նորակառոյց
Խորանին

Վաղը` կիրակի, 17 փետրուար 1963, փառաշուք հանդիսութեամբ պիտի կատարուի Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ նորակառոյց խորանին օծումը:

Լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի նախաձեռնութեամբ, թաղական խորհուրդի տքնաջան աշխատանքով եւ աչալուրջ հսկողութեամբ, Եկեղեցասէր տիկնանց միութեան օգտաշատ օժանդակութեամբ, եկեղեցւոյ ու աւանդութեանց ամուր հաւատքով կապուած մեր բարեպաշտ ժողովուրդի սրտաբուխ եւ առատաձեռն նուիրատուութեամբ, Պէյրութի ամէնէն աչքառու կեդրոնին մէջ, հայկական ոճով կառուցուած եւ պատուաբեր Ս. Նշան մայր եկեղեցին, վաղը, իր բարեզարդումէն ետք, վերանորոգուած արտաքին եւ ներքին գեղազարդ տեսքով, գրաւիչ փայլ մը ստացած, այլեւս անարձագանգ կամարներուն տակ, մեր սրբազան հայրերու հոգեշունչ օրհնաբեր աղօթքներով, մեր զմայլելի շարականներու ու մեղեդիներու հիասքանչ երգեցողութեամբ պիտի լեցնէ ջերմեռանդ հաւատացեալներուն հոգիները քրիստոնէական հաւատքին ներշնչումով:

Վաղուան արարողութիւնները առաւել փայլ մը պիտի ստանան բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ Զարեհ Ա.ի եւ ներկայութեամբ Խորէն արքեպիսկոպոսի:

Ս. պատարագը պիտի երգուի քառաձայն` Եկմալեան եղանակով, Ս. Նշանի դպրաց դասին կողմէ:

Հանդիսաւոր արարողութեամբ պիտի կատարուի օծումը Լիւսի Տէր Մելքոնեանի 9000 լիբ. ոսկիի սրտառատ նուիրատուութեամբ կառուցուած գեղակերտ խորանին` ի յիշատակ իր հանգուցեալ ամուսնոյն` Մելքոն Տէր Մելքոնեանի:

Թաղական խորհուրդը ոչ մէկ ջանք խնայած է, որպէսզի հանդիսաւոր այս արարողութիւնները լաւագոյն պատշաճութեամբ կատարուին:

Հաւատացեալ ժողովուրդը անգամ մը եւս առիթ պիտի ունենայ լսելու վեհափառ հայրապետին հոգեշունչ քարոզը:

Յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի հանգուցեալ Մելքոն Տէր Մելքոնեանի եւ եկեղեցւոյ բարեզարդման իրենց մասնակցութիւնը բերող բոլոր ազնուասիրտ նուիրատուներու հին ու նոր ննջեցեալներուն հոգիներուն համար:

Վաղը` Հայաստանեայց Ս. եկեղեցին դարձեալ պիտի փառաւորուի տօնական օրերու շքեղութեամբ:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

 

Նախորդը

Իտալիոյ Քասթել Սանթ՛Անճելօ Քաղաքը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Կին Մը Կը Խծբծէ Տըլաքրուայի Մէկ Գլուխ Գործոցը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.