Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ ՀՅԴ-ի Որոշումը Պիտի Հրապարակուի Այսօր

February 14, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Առաջին լրատուական» կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ այսօր պիտի յայտարարէ նախագահական ընտրութիւններուն հետ կապուած իր վերջնական որոշումը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան տեղեկացուց, որ խոստացուած ժամկէտին իրենց ընտրողներուն եւ համակիրներուն ուղղուած յայտարարութիւն-կոչ պիտի հրապարակուի:

Նշենք, որ նախագահական ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութիւնը որեւէ թեկնածուի չի սատարեր: Ան յայտարարած էր, որ պիտի հետեւի նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւին, թեկնածուներու ծրագիրներուն, որմէ ետք պիտի յայտարարէ, թէ իր ընտրողներուն պիտի ուղղորդէ՞ ընտրել որեւէ մէկուն, թէ՞ այլ տարբերակ պիտի ընտրէ: Դաշնակցութիւնը չէր բացառած նաեւ ընտրութիւններուն ընդհանրապէս չմասնակցելու տարբերակը:

Յայտնենք, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Ժամանակ» օրաթերթին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած էր, որ իրենք մարզերուն մէջ կը հանդիպին իրենց կառոյցներուն հետ եւ կը բացատրեն, որ Գերագոյն ժողովի տրամաբանութիւնը այն էր, որ չմասնակցիլ չի նշանակեր մէկ կողմ քաշուիլ կամ ընդհանրապէս հրաժարիլ պայքարէն:

Ռուստամեան նշած էր, որ չմասնակցիլը պայքարի ձեւ է եւ ատիկա պէտք է արձանագրէ այն հիմնական բացերը, որ գոյութիւն ունին ընտրական հոլովոյթներուն մէջ: «Եւ ատիկա ազդակ է` ուղղուած մեր ընտրողներուն, որ իւրաքանչիւրը իր մասնակցութիւնը բերէ անոր, եւ կարենանք վերցնել այս հիասթափութիւնը», ըսաւ Ռուստամեան: Վերջինս նաեւ չէր բացառած, որ իրենց համակիրներուն կոչ պիտի ուղղեն քուէաթերթիկին վրայ գրելու «Բոլորին դէմ եմ» արտայայտութիւնը, որ անիկա անվաւեր դառնայ:

Ա. Համբարձումեան չցանկաց մանրամասնել, թէ այս տարբերակներէն որ մէկը պիտի ընտրէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

Ա. Համբարձումեան նաեւ աւելցուց, որ նախ տեղի պիտի ունենայ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նիստ, որուն ընթացքին ալ պիտի ընդունուի այդ որոշումը եւ ատիկա հրապարակուի:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նոր Նախարարը Աւելի Բաց Պիտի Ըլլայ Հայերուն Դիրքորոշումը Լսելու Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Յաջորդը

Իտալիոյ Քասթել Սանթ՛Անճելօ Քաղաքը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.