Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ես Կը Խոստովանիմ Մեր Սխալները, Դուք Ալ Ձերը Խոստովանեցէք» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանցի Գրող Այլիսլի

February 14, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աքրամ Այլիսլի

Խորհրդային Ազրպէյճանի մէջ ապրած հայերուն նուիրուած «Քարէ երազներ» վէպի հեղինակ Աքրամ Այլիսլի ռուսական «Վզկլիատ» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ «ես չեմ ափսոսար, որ գրած եւ հրապարակած եմ «Քարէ երազներ» վէպը: Ասիկա կեանքիս մէկ մասն է: Անոնք, սակայն, կ՛ուզեն, որ ես հրաժարիմ ստեղծագործութենէս, ըսեմ` սխալած եմ: Այդպիսի բան ես պիտի չընեմ: Ես լիովին վստահ եմ, որ իմ ժողովուրդս ոչ թէ կը ստորնացնեմ, այլ կը վեհացնեմ»:

«Քարէ երազներ»-ը բողոքի եւ դժգոհութիւններու մեծ ալիք մը բարձրացուց Ազրպէյճանի մէջ: Վէպին պատճառով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` պատճառաբանելով, որ վէպին մէջ գրողը իրականութիւնը խեղաթիւրած է, օրեր առաջ զինք զրկեց «Ազրպէյճանի ժողովրդական գրող» կոչումէն եւ անուանական թոշակէն: Շաբաթներ առաջ պաշտօնէ հեռացուեցան Այլիսլիի որդին ու կինը: Իսկ ազրպէյճանցի երեսփոխանները առաջարկեցին «Տի.Էն.Էյ.»-ի քննութիւն կատարել եւ «բացայայտել Այլիսլիի իրական ծագումը»:

Այլիսլի ռուսական օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադառնալով վէպին նշած է, որ անիկա հայերուն ուղղուած «պատգամ մըն է», որուն նպատակը ժողովուրդները միաւորելն է: «Ես կը խոստովանիմ մեր սխալները, դուք ալ ձերը խոստովանեցէք: Թող ձեր գրողներն ալ գրեն այդ մասին: Հայ գրողները պէտք է այդ մասին խօսին: Կը կարծեմ, որ հայերուն մէջ կան մարդիկ, որոնք այդ մասին կը խօսին: Ատիկա շատ կարեւոր է ժողովուրդներու մերձեցման համար», ըսած է գրողը:

Այլիսլի ընդգծած է, որ «Քարէ երազներ»-ը մեղքերու խոստովանութիւն է. «Ես կը կարծեմ, որ ատիկա ապաշխարանք է: Ռուս գրաքննադատ Լեւ Անինսքին եւս վէպին վերաբերեալ գրած էր, որ անիկա ապաշխարանք է»: Ան աւելցուցած է, որ «վէպին մէջ նկարագրուած իրադարձութիւնները բացարձակ ճշմարտութիւն են: Ատոր մէջ որեւէ սուտ բան չկայ: Իսկ ինչո՞ւ պէտք է ստեմ իմ գիւղիս մէջ կատարուած դէպքերուն մասին: Ի՞նչ նպատակով, որպէսզի հայերու աչքին «բա՞րձր երեւիմ»: Ատիկա յիմարութիւն է: Ոչ մէկ կարգին գրող այդպիսի բան կ՛ընէ»:

Նախորդը

Ազրպէյճանական Կողմէն Կրակոցներ` Հայկական Գիւղերուն Նկատմամբ

Յաջորդը

Ստեփանակերտ. Հանրահաւաք` Արցախեան Շարժման 25-ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.