Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին ռուսական դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմին ուղղած իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Ռուսիա մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան: Ան աւելցուց, որ նկատի ունենալով շրջանին մէջ տիրող պայմանները, Մոսկուա բարձր կը գնահատէ լիբանանեան իշխանութիւններուն որդեգրած միջոցներն ու քայլերը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
«Մենք մեծ յոյսեր ունինք, որ լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները հետզհետէ ամրապնդուին եւ գրեթէ բոլոր մարզերուն պարագային երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժանայ», ըսաւ ան:
Զասպիքին հաստատեց, որ Մոսկուա անխոնջ կերպով պիտի շարունակէ նպաստել լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ Լիբանանի բարգաւաճման:


