Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՄԷՆԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՑՈՅՑԵՐԸ ԱՇԽՈՒԺԱՑՆԵԼ

March 7, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ընդդիմութեան զանգուածային ցոյցեր

Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ տարուան վերջաւորութեան հրաժարիլ մերժելէն ետք, Եմէնի ընդդիմադիր շարժումը երէկ խոստացաւ վարչակարգին դէմ բողոքի ցոյցերը աշխուժացնել: Միացեալ Նահանգներ եւ Բրիտանիա իրենց քաղաքացիները զգուշացուցին Եմէն այցելելէ, իսկ այդտեղ գտնուող իրենց քաղաքացիներուն թելադրեցին հեռանալ երկրէն:

Հասարակաց համախմբում շարժումի ականաւոր ղեկավարներէն Մոհամետ Սապրի խոստացաւ աշխուժացնել 16 փետրուարին սկիզբ առած ցոյցերը: Ցոյցերուն սկիզբէն ի վեր 19 զոհ արձանագրուած է:

«Ժողովուրդին կոչ ուղղած ենք ընդլայնելու ցոյցերը եւ բոլոր շրջաններուն մէջ խաղաղ պայքարը աշխուժացնելու, մինչեւ որ ան (Սալեհ) ունենայ միայն մէկ ընտրանք` հեռանալ», ըսաւ ան:

Շաբաթ օր արաբական աշխարհի ամէնէն աղքատ երկրին նախագահը մերժեց տարուան աւարտին հրաժարելու ընդդիմութեան կոչը եւ խոստացաւ մինչեւ 2013` իր նստաշրջանին աւարտը մնալ իշխանութեան վրայ: Նախագահին հետ սերտ կապեր ունեցող պաշտօնատար մը շաբաթ օր հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ իշխանութեան փոխանցման ընդդիմութեան առաջարկը «անյստակ եւ հակասական» է: «Իշխանութեան խաղաղ փոխանցումը քաոսի միջոցով չի կրնար ըլլալ, այլ` ընտրութիւններու ճամբով ժողովուրդին ապաւինելով, որպէսզի անոնք որոշեն, թէ որո՛ւն կ՛ուզեն, որ առանց բռնարարքներու եւ խառնակութեան իշխէ», նշեց հաղորդագրութիւնը:

Միւս կողմէ, ապահովական պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Քայիտայի անդամ զինեալներ կիրակի օր մայրաքաղաք Սանաայէն 170 քիլոմեթր արեւելք գտնուող Մարիպի մօտ հանրապետութեան պահակ մասնայատուկ ուժերէն չորս զինուոր սպաննած են: Իսկ հարաւային Ապիան նահանգի մայրաքաղաք Զիժիպարի մէջ Քայիտայի զինեալներ բանակէն գնդապետ մը սպաննած են:

Նախորդը

ՕՊԱՄԱ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՄԵԾ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ ԿԸ ՏԵՍՆԷ

Յաջորդը

ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ ՇԻԻ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ԿԸ ՊԱՇԱՐԵՆ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.