Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հաւաքական Ցուցահանդէսի Բացում

February 14, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, հովանաւորութեամբ «Քրետի Լիպանէ» դրամատան, Լիբանանի դրամատուներու միութեան եւ Մարոնիներու լիկայի նախագահ Ժոզեֆ Թարապայի, երէկ` չորեքշաբթի, 13 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին տեղի ունեցաւ լիբանանցի վեց գեղանկարիչներ Շարլ Խուրիի, Սլէյման Տիայի, Մոհամետ Ապտալլայի, Մոնա Էզզէտտինի, Մանսուր Հապրի եւ Լամիս Ռամմալի հաւաքական ցուցահանդէսին բացումը:

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններ, միութիւններու եւ դրամատուներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ:

Բացման խօսքը արտասանեց Մէյրի Չոլոյեան, որ ներկայացուց արուեստագէտները, անոնց անցած արուեստի ուղին, ինչպէս նաեւ ցուցասրահի տնօրէնութեան եւ վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւոր դոկտ. Ժոզեֆ Թարապային եւ «Քրետի Լիպանէ» դրամատան, որ միշտ ալ կը սատարէ Լիբանանի մշակութային կեանքի վերելքին եւ կը զօրակցի Համազգայինի մշակութային նախաձեռնութիւններուն:

Այնուհետեւ արուեստագէտներուն անունով շնորհակալութեան խօսք փոխանցեց Շարլ Խուրի` անդրադառնալով այն հանգամանքին, որ իր արուեստի առաջին քայլերը նետած է Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիային մէջ եւ միշտ կը մնայ երախտապարտ Համազգայինին: Ան այս առիթով մեծապէս դրուատեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի առաքելութիւնը եւ գործունէութիւնը: Ապա ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան յատուկ յուշատախտակով մը պատուեց օրուան հովանաւորը:

Իր սրտի խօսքին մէջ Ժոզեֆ Թարապայ անդրադարձաւ գեղանկարչութեան կարեւորութեան` միաժամանակ յայտնելով, որ «Քրետի Լիպանէ» դրամատան եւ անձամբ իր յարաբերութիւնները հայ համայնքին հետ բաւական խոր արմատներ ունին: Ան դրուատեց հայ համայնքի դերակատարութիւնը Լիբանանի մէջ` մատնանշելով, որ հայ համայնքը Լիբանանի մէջ իւրայատուկ համայնք մը չէ, այլ հիմնական համայնք մը, որ ունի իր յստակ դերակատարութիւնը եւ ներդրումը: Վերջաւորութեան ան յաջողութիւն մաղթեց արուետագէտներուն եւ ցուցասրահին` գնահատելով իրեն ներկայացուած հովանաւորութեան առաջարկը:

Յայտնենք, որ կը ցուցադրուին 28 արուեստի գործեր եւ ցուցահանդէսը կը տեւէ մինչեւ 5 մարտ:

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Որո՞նք Են Ժառանգականութեամբ Փոխանցուած Հիւանդութիւնները» Նիւթով

Յաջորդը

Տեառնընդառաջը` Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.