Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Որո՞նք Են Ժառանգականութեամբ Փոխանցուած Հիւանդութիւնները» Նիւթով

February 14, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 13 փետրուար 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Որո՞նք են ժառանգականութեամբ փոխանցուած հիւանդութիւնները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց մանկաբուժ տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ բազմաթիւ են պատճառները եւ այլազան ժառանգականութեամբ փոխանցուած հիւանդութիւններուն` մանրէներէ վարակում, ազգականական ամուսնութիւններ, յղութեան շրջանին առանց բժիշկի արտօնութեան դեղերու գործածութիւն եւ այլն: Ներկայիս բժշկագիտութիւնը եւ ծիներու մասնագիտութիւնը այդքան յառաջացած են, դարմանումի արդի կարելիութիւնը բազմաթիւ են, հետեւաբար մասնագէտ բժիշկի ցուցմունքները անհրաժեշտ են:

Տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով «ժառանգականութեամբ փոխանցուող հիւանդութիւններ» հասկացողութիւնը` նշելով տարբերութիւնը ժառանգականութեամբ եւ ծինային հիւանդութիւններու  փոխանցման կերպերու:

Դասախօսը նաեւ նշեց, որ կան երկու տեսակի ծինային հիւանդութիւններ:

ա- Ծնողներէն յաջորդ սերունդին` զաւակներուն:
բ- Երբ ծինային փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան ենթակային մարմինին մէջ:

Ծինային հիւանդութիւնները կը բաժնուին 4 տարբեր տեսակներու.

1.- Երբ մէկ ծինի փոփոխութեան իբրեւ արդիւնք այդ հիւանդութիւնները կ՛արձանագրուին:
2.- Մէկէ աւելի ծիներու փոփոխութեան իբրեւ արդիւնք:
3.- Քրոմոսոմալ փոփոխութիւններու իբրեւ արդիւնք:
4.- Մայթոքոնտրալ փոփոխութիւններու իբրեւ արդիւնք հիւանդութիւններ կը յայտնաբերուին:

Բժիշկ Ռ. Կութրի եղաւ առաջին մասնագէտը, որ սկսաւ նորածիններու յստակ քննութիւններու` յայտնաբերելու համար տարբեր ժառանգական եւ ծինային հիւանդութիւններ:

Յաջորդ բաժինով տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան թուեց ժառանգական եւ ծինային հիւանդութիւններու տարբեր տեսակները.

1.- PKU-  Ասիկա սեթապոլիք հիւանդութիւններու ընտանիքին պատկանող հիւանդութիւն մըն է: Ֆենիլալանին սպիտի կուտակումը երկար ժամանակի վրայ կը յառաջացնէ ուղեղային տարբեր խանգարումներ եւ քայքայում: Հիւանդութեան բուժումը նախ եւ առաջ ախտաճանաչումն է եւ հետեւիլը հիւանդութեան ընթացքին` զգուշանալով այն ուտելիքներէն, որոնք կը պարունակեն բարձր քանակութեամբ Ֆենիլալանին:
2.- G6PD- Այս անզիմի չգոյութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ բագլայի ընտանիքի ուտելիքներ չմարսուին: Ասիկա պատճառ կը դառնայ նաեւ արեան կարմիր գնդիկներու քայքայման:
3.- Վահանագեղձի դանդաղ աշխատանքը կը պատկանի ծինային հիւանդութիւններու ընտանիքին: Այս պայմանները կ՛ազդեն երեխայի աճման եւ ուղեղային խանգարման վրայ:
4.- Ալքոլամոլութիւնը. եթէ ծնողները ալքոլի մոլի եղած են, զաւակները կրնան 50 առ հարիւր ժառանգել այս մոլութիւնը. իսկ 50 առ հարիւրը, եթէ իրենք տարբեր պայմաններու տակ գործածեն ալքոլ:
5.- Կուրծքի քաղցկեղի պարագան ունի նաեւ իր ժառանգական տուեալները. բայց անհատի ներքին ու արտաքին տարբեր պայմանները կրնան ստեղծել նպաստաւոր պայմաններ կուրծքի քաղցկեղի յառաջացման: Այրերու պարագային շագանակագեղձի եւ փանքրէասի քաղցկեղի կարելիութիւնը ունի իր ժառանգական ազդակները:
6.- Գերզգայնութիւնը (ալերժին) անհատին մօտ ունի նաեւ ժառանգական հիմնաւորումներ, եւ փոխանցման կարելիութիւնը ծնողքէն զաւակներուն 30 առ հարիւր համեմատութիւն կը կազմէ:
7.- Սրտանօթային հիւանդութիւններու բաժինով յատկապէս ունի գերճնշումի պարագան իր ժառանգական ազդակները, նաեւ օրկանիք փոփոխութիւններու իբրեւ արդիւնք տեղի ունեցած պայմանները: Այս պայմաններուն լոյսի տակ անհատը պէտք է կանուխ տարիքէն հետեւի իր ճնշումին եւ կանխարգիլման տարբեր միջոցներ նկատի ունենայ:
8.- Ալզհայմըր հիւանդութիւնը, որուն ժառանգական ըլլալու ազդակները վերջերս ճշդուեցան. ուղեղին մէջ կը գոյանան տարբեր կեղեւներ, որոնք աստիճանաբար պատճառ կը դառնան յիշողութեան խանգարման եւ տրամադրութեան վերիվայրումներուն:

Վերջին բաժինով տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան յաջորդաբար թուեց շարք մը ժառանգական հիւանդութիւններ, որոնք են` գիրութիւնը, միկրենը, թալասիմիան, տարբեր տեսակի արեան տկարութիւններ, միջերկրականեան տենդը (հայկական հիւանդութիւնը) եւ այլն:

Դասախօսութեան աւարտին տոքթ. Մարկոսեան տարբեր օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

Փինկ Փոնկ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն (Փարիզ). 12-Էն Պիտի Ընտրուին 6-ը

Յաջորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հաւաքական Ցուցահանդէսի Բացում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.