Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սլէյման. «Ռայի Պատրիարքին Սուրիա Կատարելիք Այցելութիւնը Քաղաքական Շրջագիծի Մէջ Պէտք Չէ Զետեղել»

February 11, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մար Մարոնի տօնի պատարագին ներկաները

Մար Մարոնի տօնին առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին ներկայ գտնուեցաւ Ժըմմէյզէի Մար Մարոն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին, որուն նախագահեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը:

Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս եւ մեծ թիւով երեսփոխաններ ու քաղաքական անձնաւորութիւններ:

Իր արտասանած քարոզին մէջ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը շեշտեց Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց Լիբանանը բաղկացնող քաղաքական բոլոր կողմերուն ներկայացուցչութիւն եւ քաղաքական կեանքին մասնակցութիւն ապահովելու:

Միւս կողմէ, եկեղեցիէն մեկնումի պահուն նախագահ Սլէյման պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Սուրիա կատարած այցելութիւնը պէտք չէ քաղաքական շրջագիծի մէջ դնել` աւելցնելով, որ Ռայի պատրիարքը Անտիոքի ու ամբողջ Արեւելքի պատրիարքն է եւ երաշխիքը Արեւելքի քրիստոնեաներուն:

«Հետեւաբար Ռայի պատրիարքին Սուրիա այցելութիւնը առաւելագոյնս ողջունելի է, եւ ես կը զօրակցիմ այդ այցելութեան», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Անդրադառնալով լիբանանեան ազգային երկխօսութեան եւ ընտրական օրէնքին` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը կը դիւրացնէ ընտրական օրէնքին վաւերացումը, հետեւաբար պէտք չէ հրաժարիլ երկխօսութեան ժողովրդավարական արժանիքէն, ինչպէս նաեւ պէտք է վաւերացնել ընտրական օրէնք մը, որ բոլորին ապահովութիւն կը ներշնչէ:

 

Նախորդը

«Մուսթաքպալ Հոսանքը Արսալի Մասին Նախաձեռնութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ, Երբ Հանդիպում Մը Ունենայ Զօր. Քահուաժիի Հետ» Շեշտեց Աթեֆ Մաժտալանի

Յաջորդը

Դամասկոսի Մէջ Ռայի Պատրիարքը Մասնակցեցաւ Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Անտիոքի Եւ Համայն Արեւելքի Պատրիարքին Օծումին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.