
Թունուզի վարչապետ Համատի Ժեպալի խոստացաւ այս շաբթուան կիսուն մասնագէտներէ կազմուած կառավարութիւն մը կազմել: Ան Թունուզի մէջ լրագրողներու յայտնեց, որ եթէ իր ջանքերը ձախողին, իր պաշտօնէն պիտի հրաժարի: «Բոլոր նախարարները անկախ պիտի ըլլան, ներառեալ` ներքին, արդարադատութեան եւ արտաքին գործոց նախարարները», ըսաւ ան:
Երկրին իշխող իսլամական Նահտա կուսակցութեան մէկ բարձրաստիճան ղեկավարը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ այն, ինչ որ վարչապետ Ժեպալի կը կատարէ, «սպիտակ յեղաշրջում» մըն է:
Մինչ այդ, երկրի նախագահին ղեկավարած Համախմբում յանուն հանրապետութեան կուսակցութիւնը պաշտօնապէս յետս կոչեց երկրին իշխող եռեակի իր մասնակցութիւնը եւ իր նախարարները հեռացուց կառավարութենէն:


