
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէկ յանձնախումբը Այա Սոֆիան մզկիթի վերածելու գծով քաղաքացիներու կողմէ ներկայացուած դիմում մը կը քննարկէ:
Հիւսիսարեւմտեան Քոճաէլի նահանգին մէջ բնակող երեք քաղաքացիներ յանձնախումբին Այա Սոֆիայի կարգավիճակը փոխելու դիմում մը ներկայացուցած են: Դիմումին կցուած է 401 անձերու մասնակցութեամբ հարցախոյզ մը, ըստ որուն, անոնց 97 առ հարիւրը կը խնդրեն հնադարեան կառոյցը մզկիթի, ապա աղօթքի վայրի վերածել:
Թուրքիոյ խորհրդարանի Դիմումներու յանձնախումբը դիմումը չէ մերժած եւ այս հարցին վերաբերեալ առնչակից հաստատութեանց կարծիքը պիտի հարցնէ: Յանձնախումբը Քոճաէլիի քաղաքացիներէն ստացած դիմումին կողքին վերջին հինգ օրերուն ընթացքին ե-նամակի ճամբով 15 նոյնիմաստ դիմումներ ստացած է:
Այա Սոֆիան կառուցուած է 360-ին` իբրեւ յոյն ուղղափառներու պատրիարքական տաճար: 1453-ին օսմանցիներու կողմէ Պոլսոյ գրաւումէն ետք կառոյցը վերածուած է մզկիթի եւ իբրեւ այդպիսին ծառայած է մինչեւ 1931, երբ չորս տարի փակ մնացած է, ապա 1953-ին թրքական իշխանութիւնները զայն վերաբացած են իբրեւ թանգարան:


