Պաաս կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Ասեմ Քանսօ երէկ «Վանայ Ձայն»ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ չի կրնար վերադառնալ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն որդեգրած ուղեգիծին, որովհետեւ ան համոզուած չէ այդ սկզբունքներով:
Անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան տագնապալի հոլովոյթին` Քանսօ հաստատեց, որ այդ իմաստով Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ դրաւ` լուծելու համար ներքին ապահովութեան ուժերուն հարցը, սակայն հանրապետութեան նախագահին «յամառութեան» եւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ դրուած գրաւին պատճառով այդ ջանքերը ձախողեցան:
Քանսօ նկատել տուաւ, որ յառաջիկայ կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ դիմակայման կառավարութիւնը, որովհետեւ յառաջիկայ հանգրուանի պայմանները շատ աւելի բարդ եւ դժուար պիտի ըլլան, քան նախորդ հանգրուանի պայմանները:


