Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Փետրուար 1963)

February 11, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տոմսեր

«Ակնոց Չունինք,
Երկգլխանի
Շուն Ունինք»

Հրաչանմա՜ն յաջողութիւններու մասին նոր լուրեր կը հասնին Խ. Միութենէն:

Այսպէս, ըստ «Արեւ»-ի, Հիւսիսային Ուրալի մէջ խորհրդային գիտնականներ ջուրէն պղինձ կը հանեն` քարէն հաց հանելու առածը շուքի մէջ ձգելով…

Իսկ Հայաստանի գիտնականները արդէն յաջողած են, կը հաղորդէ ուրիշ թերթ մը, քարէն հաց հանել գրեթէ, որովհետեւ քարը կը վերածեն… պարարտացուցիչ նիւթերու:

Նո՛յն լուրերուն համաձայն, խորհրդային գիտնականներ յաջողած են երկու գլուխով շուն մը շինել եւ ապրեցնել, ու մեծ յոյս ունին, որ խորհրդային երկրի շուներու յառաջիկայ սերունդը երկգլխանի ըլլայ` զօրացնելու համար Չեկայի… «փրկարար» ուժերը:

Խորհրդային գիտնականներ գտած են նաեւ թուղթ մը, որ մետաղէն աւելի կը դիմանայ եւ պիտի գործածուի բնակարաններու շինութեան մէջ:

Եւ վերջապէս, Մոսկուայի գիտութիւններու ակադեմիան հնարած է լուսանկարչական գործիք մը, որ շատ յաջող կերպով կրնայ լուսանկարել… օրուան իշխանութեան հակառակ որեւէ մտածում կամ գաղափար…

Խորհրդային Միութեան քաղաքացիները կը  գանգատին սակայն, թէ խորհրդային գիտնականներ, որոնք յղացած են այս հրաշալի գիւտերը, չեն կրցած գտնել հետեւեալ նիւթերը.

– Հասարակ ներկ` տուներ ներկելու համար:

– Ակնոցի յատուկ կաշիէ կամ թուղթէ պահպանակներ:

– Հասարակ գուլպայ` դպրոցական տղոց համար:

Այս գիւտերով… զբաղելու համար խորհրդային գիտնականները ժամանակ չեն գտներ. այնքա՜ն զբաղած են անջրպետի, լուսնի, արեւու լուսանկարները ապահովելու հրատապ խնդիրներով:

Երեւանի պետական վաճառատունը այցելող քաղաքացի մը վաճառորդին դիմելով` ակնոց մը կը խնդրէ.

– Ակնոց չունինք, սակայն երկգլխանի շուն ունինք… կը պատասխանէ վաճառորդը:

– Ի՞նչ ընեմ երկգլխանի շունը, մէկ գլուխ ունեցողներէն տակաւին չենք ազատած,- կը բողոքէ քաղաքացին:

– Նկատելով, որ ձեր աչքերը լաւ չեն տեսներ, երկու գլուխով շուն մը, որ մասնաւորաբար մարզուած է կոյրեր առաջնորդելու համար, կրնայ ձեզի ակնոցի տեղ ծառայել,- կը պնդէ վաճառորդը` յիշելով նաեւ Լենինի մէկ գնահատանքը երկգլխանի շուներու մասին…

Յաճախորդը կը մերժէ:

Եւ ուրեմն, այժմ, խորհրդային գիտնականները կը ջանան ստեղծել այնպիսի քաղաքացիներ, որոնք ակնոցի, ներկի, ասեղի, գուլպայի կամ այլ նիւթերու կարիք զգալու պարագային, առանց այդ մասին մտածելու իսկ, բաւարարուած զգան իրենք զիրենք եւ գոհանան… պատրանքով:

Այն ատեն, արդէն, համայնավարութիւնը պիտի յաղթանակէ:

ԳԻՍԱՒՈՐ

Մազրաա–Մսայթպէի Եկեղեցւոյ
Զանգակատան
Բացման Հանդէսը

Կիրակի, 3 փետրուար 1963, տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ եւ զանգակատան բացման հանդիսութիւն Մազրաա-Մսայթպէ թաղի Ազգային Հայկազեան երկսեռ վարժարանի կից եկեղեցւոյ: Պատարագեց Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն Եզնիկ աբեղայ: Նախագահեց թեմիս առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան: Ներկայ եղան թաղի գրեթէ բոլոր ազգայինները, ինչպէս նաեւ` կաթողիկոսարանի բարերար Միսաք Ազիրեան: Հոգեպարար արարողութեանց երաժշտութիւնը Եկմալեան եղանակով երգուեցաւ վարժարանի 8-10 տարեկան աշակերտներու կողմէ:

«Հայր մեր»-ի ատեն առաջնորդ սրբազանը գոհունակութեան խօսք ուղղեց եւ օրհնեց  թաղական խորհուրդը, որ տարուէ տարի աւելի կը շէնցնէ եւ կը ծաղկեցնէ  վարժարանն ու եկեղեցին: Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Զարեհ Ա. հայրապետին, որուն բարեհաճ կարգադրութեամբ նուիրուեցաւ զանգակ մը:

Սրբազան հօր խօսքէն ետք պատարագիչ  հայր սուրբը աւուր պատշաճի գեղեցիկ քարոզ մը խօսեցաւ եւ կոչ ուղղեց բարեպաշտ հաւատացեալներուն, որ ամէն անգամ երբ լսեն եկեղեցւոյ ղօղանջը, համախմբուին եկեղեցւոյ մէջ եւ հաղորդակից ըլլան Աստուծոյ:

Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ զանգակատան բացման հանդիսութիւնը: Սրբազանը խօսեցուց զանգակին լեզուակը. «Եկա՛յք առ յիս ամենայն վաստակեալք եւ բեռնաւորք»: Խնդութեան արցունք կար ներկաներուն դէմքին վրայ: Վերջապէս, Մազրաա-Մսայթպէ թաղի հայութեան երեսուներեք տարիներու երազը. «Ունենայինք զանգակ մը իր զանգակատունով» իրականացաւ: Այս առիթով, Միսաք Ազիրեան 500 լ. ո. նուիրեց:

Ի պատիւ առաջնորդ սրբազան հօր եւ Միսաք Ազիրեանին` թաղական խորհուրդը փառաւոր ճաշկերոյթ մը տուաւ, գանձապահ Ադամ Կեմիճեանի բնակարանին մէջ: Եղան բաժակաճառեր եւ փոխադարձ բարեմաղթութիւններ:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

 

 

Նախորդը

«Ներկայիս Հայաստանի Մէջ Քաղաքական Հոլովոյթներ Չկան» Կ՛ըսէ Վահան Յովհաննիսեան

Յաջորդը

Գիտութիւն Եւ Մարդ. Բժշկագիտութեան Ապագան Այսօ՛ր Է

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.