Արսալի մէջ անցեալ ուրբաթ օր լիբանանեան բանակի մէկ ջոկատին դէմ գործուած անարգ ոճիրին դրդապատճառները բացայայտելու եւ յանցագործներուն ձերբակալումը շարունակելու շրջագիծին մէջ, լիբանանեան բանակը շարունակեց Արսալի մէջ իր ձերբակալումները:
Ձերբակալումներուն լոյսին տակ լիբանանեան բանակը երէկ Արսալի մէջ ձերբակալեց Սուրիական ազատ բանակին պատկանող երկու անդամներ, որոնք Սէյֆէտտին ընտանիքին կը պատկանին:
Արսալի մուտքին բանակը կը շարունակէ պահել իր ուժերն ու անկարգելաւորներու ջոկատին կողմէ զետեղուած անցարգելը:
Նշենք, որ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի Արսալի թղթածրարին պատասխանատու նշանակեց Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըրը:
Ֆաթհ Իսլամի 21 Անդամներ
Հարցաքննուեցան
Միւս կողմէ, ընդհանուր դատախազութիւնը երէկ Արդարութեան պալատին մէջ հարցաքննեց Ֆաթհ իսլամի 21 անդամներ, որոնք մասնակցած էին Նահր Պարետի բախումներուն:
Ֆաթհ իսլամի անդամները հարցաքննուեցան Արդարութեան խորհուրդի դատաւոր Ժան Ֆահըտի կողմէ:
Ֆաթհ իսլամի անդամներուն դատավարութեան ընթացքին Արդարութեան պալատին շրջակայքը ապահովական արտակարգ քայլեր որդեգրուեցան, ինչպէս նաեւ Արդարութեան պալատին բոլոր պաշտօնեաներուն արգիլուեցաւ Արդարութեան պալատ մուտք գործել:


