Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՂՊՏԻՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ԻՐԵՆՑ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊԱՀՈՎՈՂ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐԸ ԽՍՏԱՑՆԵԼ. ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼԵՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ «ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉԸ»

May 11, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապահովական ուժեր խիստ հսկողութեան կ՛ենթարկեն եկեղեցւոյ մը շրջակայքը

Եգիպտոսի վարչապետարանը յայտարարեց, որ ապահովական ուժերը ձերբակալած են շաբաթ գիշեր ղպտիներու եւ սալաֆականներու միջեւ 12 զոհ եւ աւելի քան 200 վիրաւոր պատճառած արիւնալի բախումներուն «կազմակերպիչը»: Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը ձերբակալած է նաեւ դէպքերուն մեղսակից 14 այլ անձեր:

Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ հակաքրիստոնէական ցոյցերէն եւ սպանութիւններէն ետք, ղպտիները եգիպտոսի իշխանութիւններէն կը պահանջեն խստացնել իրենց անվտանգութեան ուղղուած միջոցառումները:

Իսմայիլիէէն ղպտի կաթողիկէ եպիսկոպոս անպա Մաքարիոս Թուֆիք Իտալիոյ Եպիսկոպոսական խորհուրդի մամլոյ ծառայութեան յայտնեց, որ մեծ մտավախութիւններ ունի, «որովհետեւ որեւէ երաշխիք չունինք»` աւելցնելով, որ «ան որ բիրտ ուժ օգտագործելը լաւ գիտէ, կրնայ դժբախտաբար մեզ նախկին վարչակարգ վերադարձնել, եւ ներքին տագնապները օրըստօրէ աւելի վտանգաւոր կը դառնան»:

Ան անդրադառնալով Գահիրէի մէջ 12 զոհ պատճառած համայնքային վերջին դէպքերուն յայտնեց, որ «այս դէպքերուն ետին կը կանգնի սալաֆական արմատական հոսանք մը եւ թերեւս նաեւ նախկին նախագահին գաղտնի սպասարկութեան անդամները»: Անպա Թուֆիք նշեց, որ «սալաֆականները սուտ պատմութիւններ հնարեցին, որպէսզի զանոնք իբրեւ պատրուակ օգտագործեն քրիստոնեաներու պաշտամունքի վայրերուն, տուներուն եւ վաճառատուներուն դէմ յարձակում գործելու, զանոնք կողոպտելու եւ քանդելու համար»: Ան գոհունակութիւն յայտնեց իսլամական չափաւորական խմբաւորումներու կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար:

Անպա Թուֆիք ընդգծեց, որ «խօսքէն գործի անցնելու ժամանակը հասած է, որովհետեւ դատապարտումները բաւարար չեն: Իսկական գործակցութիւն ստեղծելու համար դատապարտումներուն պէտք է հետեւին շօշափելի քայլեր»:

Եգիպտոսի զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդէն աղբիւր մը եգիպտական «Մասրի Ալիոմ» օրաթերթին յայտնեց, որ «զինեալ ուժերու ղեկավարութիւնը լուծարեալ Ազգային կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ Իմպապայի մէջ պատահածին նման համայնքային սադրանք հրահրելու ճամբով Եգիպտոսը քաղաքացիական պատերազմի մղելու ծրագիրի մը շուրջ տեղեկութիւններ ստացաւ»: Աղբիւրը աւելցուց, որ «այս կուսակցութեան ներկայացուցիչները կ՛ուզեն յեղափոխութիւնը ձախողութեան մատնել, որպէսզի կարենան իրենց գործունէութեան վերադառնալ»:

Միւս կողմէ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա իրավիճակը ճգնաժամային նկատելով` Եգիպտոսի կառավարութեան եւ զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդին կոչ ուղղած է` ստեղծուած ճգնաժամէն ելք գտնելու համար համալսարանական գիտնականներու եւ մտաւորականներու մասնակցութեամբ խորհրդաժողով կազմակերպել:

Նախորդը

ԾՈՑԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎ

Յաջորդը

ՕԹԱՆ-Ի ՌՄԲԱՁԻԳՆԵՐԸ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ ԹԻՐԱԽՆԵՐ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵՆ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.