Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճան Փարիզի Մէջ Առաջարկ Չէ Ներկայացուցած» Կ՛ըսէ Տիգրան Բալայեան

February 6, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տիգրան Բալայեան

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահներու փարիզեան վերջին հանդիպումին որեւէ առաջարկ ազրպէյճանական կողմը չէ կատարած: Այդ մասին նախանցեալ օր յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան` հակադարձելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմովի պնդումին, թէ հայկական կողմը Փարիզի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ մերժած է պաշտօնական Պաքուի կողմէ կատարուած որոշ առաջարկներ:

«Աւելի՛ն, այդ հանդիպումին վերաբերեալ նախարարներու ու համանախագահներու կողմէ համաձայնեցուած հնգակողմ մամլոյ հաղորդագրութիւնը մինչեւ այսօր ազրպէյճանական կողմը չէ տեղադրած արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին վրայ», արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցումով` ընդգծեց Բալայեան` պատասխանելով news.am լրատուական կայքէջի հարցումին: «Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը կը փորձէ այդ հանդիպումին մասին մատուցել իրենց շինծու մեկնաբանութիւնը: Նոյնը պատահած էր նախորդ փարիզեան հանդիպումին համաձայնեցուած հաղորդագրութեան հետ: Ատիկա ոչ այլ ինչ է, քան ազրպէյճանական կողմին այդքան բնորոշ սեփական հանրութեան աչքերուն փոշի ցանելը»:

«Մէկ բան Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը ճիշդ կ՛ըսէ. Փարիզի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին մօտեցումները չէին տարբերեր անցեալին արտայայտած մօտեցումներէն: Ատիկա բնական է, Հայաստանի դիրքորոշումը եղած է եւ կը մնայ համահունչ եռանախագահներուն կողմէ արտայայտուած միջազգային հանրութեան մօտեցումներուն: Իսկ ազրպէյճանական կողմը յամառօրէն կը շարունակէ մերժել կամ կը փորձէ վերատեսութեան ենթարկել եռանախագահներու ներկայացուցած բոլոր առաջարկները, ինչ որ կրկնուեցաւ նաեւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումին ընթացքին», ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ոստիկանութիւնը Դրական Տեղաշարժեր Արձանագրած Է» Կ՛ըսէ Բակօ Սահակեան

Յաջորդը

Պաքուի Մէջ Խումբ Մը Ազրպէյճանցիներ Պահանջած Են Հայերու Մասին Վէպի Հեղինակին «Հանգիստ Ձգել»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.