Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խառն Ընտրական Օրինագիծին Շրջագիծին Մէջ, Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Դրական Կէտերու Կը Յանգի

February 6, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նիստէն պահ մը

Ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ կէսօրէ առաջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի:

«Նիստին ընթացքին տիրեց դրական մթնոլորտ», յայտնեց Ղանեմ, որ աւելցուց, թէ ենթայանձնախումբին մաս կազմող իւրաքանչիւր երեսփոխան դրական կերպով կը մօտենայ իր ստանձնած աշխատանքին եւ կատարած քննարկումներուն:

Ենթայանձնախումբը կը փնտռէ հասարակ յայտարարներ եւ ենթահող մը կամ փոքր պատուհան մը` լիբանանցիներուն միջեւ երկփեղկում յառաջացնող այս պատին վրայ:

Նշենք նաեւ, որ նախքան նիստին գումարումը, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ ներկայացուած ընտրական օրինագիծը երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը հմայող օրինագիծ մըն է, որպէսզի ան Մուսթաքպալ հոսանքի ընտրական դաշնակիցին վերածուի:

Աուն աւելցուց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի օրինագիծը Պէյրութի մէջ լիբանանահայութեան ներկայացուցչութեան առումով դարձեալ մշակուած է 2000-ի ընտրական օրէնքին ոճով եւ մտայնութեամբ:

«Հետեւաբար, այդ օրինագիծը թիրախ կը դարձնէ լիբանանահայութիւնը», ըսաւ Աուն:

Աունի կատարած յայտարարութիւնը խորհրդարանին մէջ յառաջացուց բանավէճ մը, յատկապէս լիբանանահայութեան վերաբերող բաժինին առումով:

Աունին իբրեւ պատասխան, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Աունի կատարած յայտարարութիւնները` լիբանանահայութիւնը թիրախ դարձնելու մասին, անճիշդ են` հաստատելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը անդրադարձած է քրիստոնեայ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութեան հարցին եւ այդ պատճառով ալ Պէյրութը բաժնած է չորս ընտրաշրջաններու` անոնցմէ երկուքին մէջ քրիստոնէական մեծամասնութիւն ներառելով:

Նախորդը

«Լիբանանեան Բանակը Քաղաքական Ամբողջական Հովանաւորութիւն Ունի` Կատարելու Իր Բոլոր Պարտականութիւնները» Շեշտեց Նախարար Մանճեան

Յաջորդը

Նախագահ Սլէյման Միքաթիի Հետ Քննարկեց Արսալի Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.