
Երեսփոխան Պութրոս Հարպ երէկ կէսօրին Հազմիէի իր բնակարանին մէջ գումարեց մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին հաստատեց, թէ ինք անձամբ դատական հարց պիտի յարուցէ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատիի դէմ:
Հարպ շեշտեց, որ իր այս կեցուածքը ուղղուած է Մատիի եւ անոր աշխատանքներուն դէմ: «Դուն քեզ փորձանքի ենթարկած ես, հետեւաբար` պէտք է ստանձնես պատասխանատուութիւններդ եւ դատաւորներուն ներկայութեան ինծի հետ դէմ յանդիման գտնուիս, որպէսզի բոլորը իմանան, թէ դուն Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն հաշուոյն ոճիր մը գործես», ըսաւ Մատի:
Հարպ խորհրդարանէն եւ իր պաշտօնակից երեսփոխաններէն պահանջեց, որ զինք անձեռնմխելիութենէ զրկեն, որպէսզի ինք կարենայ դէմ դնել դատախազ Մատիին:
Հարպ արդարութեան նախարարէն պահանջեց օրինական առումով գործակցիլ, որպէսզի կարենայ այդ քայլերուն դիմել:
«Ես լուռ պիտի չմնամ Մատիի գործած յանցանքներուն նկատմամբ եւ զայն ուսանելի օրինակի մը պիտի վերածեմ` երկրին դատական իշխանութիւններուն մէջ բարեկարգում մը արձանագրելու նպատակով, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւնները Մատիի նման սատանաներէ փրկելու միտումով», հաստատեց Հարպ:
Միւս կողմէ, դատախազ Մատի յայտնեց, որ ինք ցեխարձակումներու եւ լուտանքներու յատուկ բառամթերք մը չունի, որովհետեւ պարկեշտութեան բարձրորակ միջավայրի մը եւ շրջապատի մը մէջ հասակ նետած է:
«Ես պիտի պատասխանեմ քաղաքակիրթ եւ օրինական ձեւով», նշեց Մատի:


