Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիւլթան Քըշանաք Յիշեցուց Հայերուն Դէմ Անցեալին Կատարուածները

February 4, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիւլթան Քըշանաք

«Մարմարա» կը գրէ, որ evrensel.net կայքէջին կողմէ հրատարակուած լուրի մը համաձայն, քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Կիւլթան Քըշանաք խորհրդարանին մէջ կուսակցութեան խմբակցութեան նիստին ընթացքին պաշտպան կանգնեցաւ Սամաթիոյ մէջ յարձակումի ենթարկուած հայերու եւ կառավարութիւնն ու շրջանային ղեկավարները հրաւիրեց ժամ առաջ յանցագործները երեւան հանելու պարտականութեան: Քըշանաք ըսաւ, որ եթէ նկատի առնուի, որ այս յարձակումները կատարուեցան հետեւողական կերպով եւ նոյն ձեւով, յայտնի կը դառնայ, որ անոնք ատելութեան յարձակումներ են: Անոնց (հայ կիներուն. «Ա.») մահացու կերպով ծեծի ենթարկուիլը փաստ է այն մասին, թէ խնդիրին մէջ ատելութիւն կայ: Սպաննուած Մարիձային տան մէջ սեղանին վրայ գտնուող դրամներն իսկ չեն առնուած:

Քըշանաք շատ խիստ խօսեցաւ` հայերուն դէմ անցեալին գործադրուած սպանդները յիշեցնելով: Ան ըսաւ, որ շատ լաւ գիտենք, թէ ինչպիսի՛ աշխատանք տարուեցաւ, որպէսզի հայերը սրբուին այս երկրին աշխարհագրութենէն, թէ ինչպիսի՛ սպանդներու ենթարկուեցան անոնք, եւ թէ ասիկա մօտիկ անցեալի արիւնող վէրքն է: Հիմա այս երկրին համար ամօթ է այլեւս փոքրիկ թիւ մը մնացած հայերու կեանքի անվտանգութիւնը չապահովելը: Տակաւին չենք տեսներ, որ պատկան մարմինները կամ կուսակալութիւնը լուրջ քննութիւն կը կատարեն եւ կը լուսաբանեն: Ասիկա ամօթ է երկրին համար: Արդէն անմոռանալի ցնցումներ ապրած փոքրաթիւ հայ հայրենակիցներու տարեց կիները չենք կրնար պաշտպանել, ասիկա ամօթ մըն է: Ամէն մարդ պէտք է թեւ-թիկունք կանգնի անոնց: Մենք` իբրեւ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւն, խստօրէն կը պախարակենք այս յարձակումները եւ կ՛ըսենք, որ երբեք առանձին պիտի չթողունք մեր հայ հայրենակիցները: Հետապնդողը պիտի ըլլանք այս յարձակումներուն:

 

Նախորդը

Խոր Սուգի Եւ Զայրոյթի Մթնոլորտին Մէջ Մրայժաթ Եւ Հալպա Իրենց Վերջին Հրաժեշտը Տուին Փիեռ Պաշաալանիի Եւ Իպրահիմ Զահրամանի

Յաջորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Ամերիկահայերը Քոնկրեսին Կոչ Կ՛ուղղեն Դատապարտելու Թուրքիոյ Մէջ Հայ Կիներուն Դէմ Կատարուած Յարձակումները

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.