Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ անոր ընկերակցած պատուիրակութեան Թուրքիա կատարած այցելութիւնը դրական արդիւնքներ ունենայ` Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին փակման առումով:
Շարպել շեշտեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ուղղակի միջամտած է` ազատ արձակելու համար առեւանգուած լիբանանցիները:
Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց նաեւ, որ քաթարեան կողմը իր կարգին ճիգ չի խնայեր առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու առումով:
«Չենք ուզեր յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալ այս մասին, սակայն կը հաստատենք, որ հարցերը կ՛ուղղուին դէպի ճիշդ ուղղութիւն եւ մեծ յոյս ունինք, որ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակուին», ըսաւ Շարպել:
Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ նախարարութիւնը բոլոր պատրաստութիւնները կը տեսնէ` երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին կատարելու համար, «սակայն այդ ընտրութիւնները կրնան թեքնիք ուշացումի մը ենթարկուիլ, եթէ ընտրական նոր օրէնք մը որդեգրելու քայլ մը առնուի», աւելցուց Շարպել:


