Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոսի Մէջ Ասատ-Ժալիլի Հանդիպում

February 4, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժալիլի եւ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Իրանի Ազգային ապահովութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սայիտ Ժալիլիի հետ Դամասկոսի մէջ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ «Սուրիա իր ժողովուրդին գիտակցութեամբ, բանակին ուժով եւ դիմադրութեան ուղեգիծին կառչածութեամբ ներկայ մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու եւ սուրիացի ժողովուրդը եւ անոր պատմական ու քաղաքակրթական դերակատարութիւնը թիրախ դարձնող որեւէ յարձակումի դիմակայման կարողութիւնը ունի»:

Ասատ շեշտեց, որ «Դամասկոսի մօտ Ժամրայա շրջանին մէջ գիտական հետազօտութեանց կեդրոններէն մէկուն դէմ կատարուած իսրայէլեան յարձակումը կը բացայայտէ իսկական դերակատարութիւնը Իսրայէլի, զոր կը կատարէ արտաքին թշնամական ուժերու եւ սուրիական հողամասերու վրայ անոնց գործիքներուն միջոցով` Սուրիոյ կայունութիւնը քայքայելու եւ զայն տկարացնելու համար»:

Ժալիլի իր կարգին Իրանի ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ դիմադրող ժողովուրդին` ընդդէմ Իսրայէլի:

Դիւանագիտական Հանդիպումներ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շաբաթ օր Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած ապահովական հարցերու 49-րդ խորհրդաժողովին ծիրին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպի հետ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի ու Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ:

Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Պայտըն-Լաւրով հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է հակառակ բազմաթիւ տարակարծութեանց միասին աշխատանքը շարունակելու: Պայտըն կարեւոր նկատած է, որ «երկու երկիրները աշխատին միջազգային, ներառեալ` Սուրիոյ խաղաղութեան եւ կայունութեան ի նպաստ»` նշելով, որ  Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն «բազմաթիւ հարցերու շուրջ պիտի շարունակեն տարակարծիք մնալ, սակայն անհրաժեշտ է, որ անոնք ներկայիս աշխարհի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն գործնական լուծումներ գտնելու համար երկխօսութիւնը շարունակեն»:

Պայտըն յոյս յայտնած է, որ սուրիական ընդդիմութիւնը յաւելեալ օժանդակութեան արժանանայ ընդդէմ Ասատի, որ «այլեւս անկարող է իր ժողովուրդը ղեկավարելու»: «Մեր գործընկերներուն հետ կ՛աշխատինք, որպէսզի (սուրիական ընդդիմութիւնը) աւելի միաւորեալ եւ միասնական դառնայ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ «մենք համոզուած ենք, որ Պաշշար Ասատ բռնատէր մըն է, որ վճռած է իշխանութեան վրայ մնալ, սակայն այլեւս անկարող է իր ժողովուրդը ղեկավարելու»:

Լաւրով իր կարգին յոյս յայտնած է, որ Սուրիոյ շուրջ աշխատանքային խմբակը դարձեալ ժողով գումարէ` նշելով, որ կարելի է յառաջխաղացք արձանագրել:

Լաւրով Խաթիպի հետ ունեցած աննախադէպ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ կը փափաքի սուրիական ընդդիմութեան հետ կանոնաւոր հանդիպումներ ունենալ, «եւ այդ է, որ պիտի կատարենք»:

Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիա ներկայիս սուրիական տագնապին վերջ տալու համար պէտք է Ասատի վարչակարգին վրայ ճնշում բանեցնէ: Մարմինի բանբեր Ուալիտ Պաննա ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «գնդակը ներկայիս ռուսական դաշտին մէջ է, եթէ Ռուսիա շրջանի ապագային մէջ իր իսկական շահերուն նախանձախնդիր է»:

«Մենք կը կարծենք, որ Ռուսիա պէտք է սուրիացի ժողովուրդի արդար պահանջներուն կողքին ըլլայ եւ ոչ թէ անոր, որ սուրիացի ժողովուրդը կը սպաննէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ասատի հեռացումին պահանջները արգելք նկատող «ռուսական կեցուածքին մէջ բեկում մը չկայ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին յայտնեց, որ «ոմանք կ՛ըսեն, թէ վարչակարգին եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւն պէտք է կատարուի, սակայն ատիկա սխալ ուղի է, ատիկա լուծում չի կրնար ըլլալ»` աւելցնելով, որ Ասատ «նախ եւ առաջ Սուրիոյ մէջ գործուած ջարդերուն համար իր պատասխանատուութիւնը պէտք է կրէ»:

Նշենք, որ Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մաազ Խաթիպ անցեալ շաբաթ պատրաստակամութիւն յայտնած էր սուրիական վարչակարգին հետ ուղղակի երկխօսութիւն կատարելու:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի հանդիպում ունեցաւ Խաթիպի հետ: Ան Միւնիխի մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ Թեհրան կը փորձէ նպաստել կառավարութեան եւ ընդդիմադիր խմբաւորումներուն միջեւ բանակցութիւններու սկսման: «Իրան կը բանակցի ընդդիմադիր բոլոր խումբերուն եւ կառավարութեան հետ: Մենք պատրաստ ենք զրուցելու ընդդիմութեան բոլոր ներկայացուցիչներուն հետ: Ես վերջերս յաջող բանակցութիւններ ունեցած եմ պարոն Խաթիպի հետ», ըսաւ ան, սակայն չնշեց, թէ ո՛ւր եւ ե՛րբ տեղի ունեցած են բանակցութիւնները:

Իսրայէլեան Յարձակում

Ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթը` մէջբերելով արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւններու աղբիւրներ, յայտնեց, որ իսրայէլեան օդուժը երեքշաբթի գիշեր Սուրիոյ մէջ առնուազն չորս թիրախներու դէմ յարձակում գործած է եւ ոչ թէ երկու, ինչպէս լրատուամիջոցներ հաղորդած էին: Աղբիւրները նշած են, որ իսրայէլեան օդուժը Դամասկոսի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Ժամրայա շրջանին մէջ գիտական հետազօտութեան կեդրոնը հարուածած է` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ ծայրայեղ իսլամականներ կրնան գրաւել քիմիական եւ կենսաբանական զէնքերու պատրաստութեան սարքեր պարունակող այդ կեդրոնը:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք երէկ յայտարարեց, որ յարձակում գործողը Իսրայէլն էր` շեշտելով, որ «Իսրայէլ Սուրիայէն Հըզպալլայի զէնքերու փոխադրութիւն պիտի չարտօնէ»: Ան նաեւ ըսաւ, որ Ասատի տապալումը այլեւս մօտալուտ է:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի դատապարտեց «Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան վերջին յարձակումը»` նշելով, որ ատիկա փաստ մըն է, թէ «Իսրայէլ կը կանգնի Սուրիոյ դէպքերուն ետին»: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական բարեփոխումներու կարիքը կայ, իսկ Իրան իսլամական բոլոր երկիրներուն մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման կ՛աջակցէր ու կ՛աջակցի: Լարիճանի Սուրիոյ մէջ զինեալ խմբաւորումները զինողներուն եւ ֆինանսաւորողներուն կոչ ուղղեց «Իսրայէլի զօրանոցէն անջատուելու»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դատապարտեց Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան վերջին յարձակումը եւ Իրանին կոչ ուղղեց Սուրիոյ նկատմամբ իր կեցուածքները վերատեսութեան ենթարկելու:

Սուրիոյ Մէջ 10 Քիլոմեթր Խորութեամբ,
16
Քիլոմեթր Լայնքով Եւ Լիբանանեան Օրինակով
Իսրայէլեան
Ապահովական Գօտիի Ծրագի՞ր

Բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Իսրայէլ «արմատական ըմբոստներէն» եւ «իսլամական հետզհետէ աճող վտանգէն» պաշտպանուելու նպատակով Սուրիոյ մէջ 10 քիլոմեթր խորութեամբ ապահովական գօտիի մը ստեղծման կարելիութիւնը կը քննարկէ: Օրաթերթը կը նշէ, որ անիկա Լիբանանի մէջ նախապէս գոյութիւն ունեցող իսրայէլեան ապահովական գօտիին օրինակով պիտի ըլլայ: Ծրագիրը պատրաստողներուն մօտիկ աղբիւր մը նշած է, որ «եթէ երկրին կացութիւնը շարունակէ անկայուն մնալ, կրնանք ստիպուիլ տարիներով այդտեղ մնալ»:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը իր կարգին իսրայէլեան զինուորական աղբիւրներ մէջբերելով յայտնեց, որ այդ ապահովական գօտին 16 քիլոմեթր լայնքով պիտի ըլլայ «եւ կրնանք տարիներ այդտեղ մնալ, եթէ Սուրիա շարունակէ անկայուն մնալ»: Աղբիւրները «Մաարիւ»-ին կը յայտնեն, որ ապահովական գօտին Լիբանանի մէջ նախապէս գոյութիւն ունեցող իսրայէլեան ապահովական գօտիին նման պիտի ըլլայ:

 

Նախորդը

Իսրայէլ Ուաշինկթըն – Թեհրան Ուղղակի Բանակցութեանց Չ՛ընդդիմանար. «Մեզի Համար Ուղղակի Բանակցութեան Ամերիկեան Առաջարկ Մը Դրական Կերպով Կը Քննենք» Ըսաւ Սալեհի

Յաջորդը

Իսրայէլեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը Միացեալ Նահանգներ Կը Մեկնի` Քննարկելու Համար Միջին Արեւելքի Ապահովական Կացութիւնը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.