Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայամէտ Ծերակուտականները Հայկական Հարցերու Վերաբերեալ Հարցումներ Ուղղած են Քերրիի

February 2, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճոն Քերրի

Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը երեքշաբթի օր 94 թեր եւ 3 դէմ քուէներով հաստատեց Ճոն Քերրիի երկրի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին թեկնածութիւնը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշէ, որ թեկնածութեան հաստատման ունկնդրութիւններուն ժամանակ Քերրի նաեւ պատասխանած է հայամէտ ծերակուտականներ Ռոպըրթ Մենենտեսի եւ Պարպարա Պոքսըրի հարցումներուն, որոնք վերաբերած են հայութիւնը հետաքրքրող հարցերուն:

Պատասխանելով Մենենտեսի` Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին հարցումին` Քերրի ըսած է. «Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ հաստատուելու պարագային, իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, իմ պարտականութիւնս պիտի ըլլայ անաչառ կերպով ներկայացնել նախագահի եւ վարչակազմի քաղաքականութիւնը: Ինչպէս Պարաք Օպաման նշեց ապրիլքսանչորսեան իր ելոյթին մէջ, 1915-ի փաստերուն ամբողջական, անկեղծ, արդարացի ճանաչումը կը բխի մեր բոլորին շահերէն: Ան աւելցուց, որ դէպի յառաջ ընթանալը անկարելի է առանց անցեալի փաստերը հաշուի առնելու, եւ թուրք ու հայ ժողովուրդներուն կոչ ուղղեց պատմութեան հետ դէմ յանդիման գալու… Եթէ ես հաստատուիմ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ, ապա պիտի շարունակեմ մեծապէս աջակցիլ բոլոր այն ջանքերուն, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման, այդ երկիրներուն միջեւ խաղաղ, փոխշահաւէտ եւ բարգաւաճ յարաբերութիւններու հաստատման»:

Պատասխանելով Պոքսըրի այն հարցումին, թէ ի՞նչ քայլերու պիտի դիմէ Ալիեւի կողմէ ներում ստացած Սաֆարովի հարցին կապակցութեամբ, Քերրի յայտնած է. «Երբ Ազրպէյճանի նախագահը Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհեց, Միացեալ Նահանգներ անմիջապէս իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին Ազրպէյճանի կառավարութեան: Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Սպիտակ տունը հրապարակեցին յայտարարութիւններ, որոնց մէջ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէին արտայանձնելու եւ ներում շնորհելու փաստի առնչութեամբ: Սաֆարով դատապարտուած էր դաժան սպանութեան համար, եւ Միացեալ Նահանգներ շատ մտահոգուած էին, որ ան պիտի չշարունակէ իր պատիժը կրել: Իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր` Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն ջանքեր գործադրել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ: Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն բոլոր այն գործողութիւնները, որոնք կրնան շրջանին մէջ լարուածութիւն յառաջացնել եւ վտանգել խաղաղ կարգաւորման գործընթացը: Եթէ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ հաստատուիմ, կարելի ամէն ինչ պիտի ընեմ, որպէսզի կողմերուն օգնեմ հասնելու տագնապի խաղաղ լուծման»:

 

Նախորդը

Արսալի Մէջ Զինեալներ Կը Յարձակին Լիբանանեան Բանակի Ջոկատի Մը Վրայ Քափիթեն Մը Եւ Ենթասպայ Մը Նահատակուեցան

Յաջորդը

«Հայրիկեանի Մահափորձը Կատարողները Նպատակ Ունեցած Են Ազդել Ընտրութիւններու Բնականոն Ընթացքին Վրայ» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.