Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսալի Մէջ Զինեալներ Կը Յարձակին Լիբանանեան Բանակի Ջոկատի Մը Վրայ Քափիթեն Մը Եւ Ենթասպայ Մը Նահատակուեցան

February 2, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ենթասպայ Իպրահիմ Զահրաման եւ Քափիթեն Փիեռ Մաշաալանի

Երէկ Արսալի մէջ բանակը ենթարկուեցաւ յարձակումի մը, որուն ընթացքին նահատակուեցան քափիթեն Փիեռ Մաշաալանի եւ ենթասպայ Իպրահիմ Զահրաման, ինչպէս նաեւ յանցագործ Խալետ Հմայէտ եւ վիրաւորուեցան վեց ուրիշներ:

Բանակի գաղտնի սպասարկութեան ջոկատ մը իմացած էր, որ էսթոնիացի քաղաքացիները առեւանգող եւ ահաբեկչական այլ յանցանքներով ամբաստանուած Խալետ Հմայէտ կը գտնուի Արսալի մէջ, եւ զայն ձերբակալելու նպատակով ներխուժած էր անոր բնակարանը եւ ձերբակալած զայն:

Մինչ գաղտնի սպասարկութեան ջոկատը ձերբակալեալին հետ կ՛ուղղուէր դէպի Արսալի բարձունքները, Հմայէտի ձերբակալման լուրը տարածուած էր այնպէս մը, որ սուրիական գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է զայն:

Հետեւաբար, Արսալի բնակիչները եւ մեծ թիւով զինեալներ յարձակած էին բանակի ջոկատի շքախումբին վրայ եւ կրակ բացած անոր ուղղութեամբ:

Զինեալ բախումները ստացած էին բուռն բնոյթ եւ բախումներուն ընթացքին սպաննուած էին քափիթեն Փիեռ Մաշաալանի եւ ենթասպայ Իպրահիմ Զահրաման, ինչպէս նաեւ յանցագործ Խալետ Հմայէտ:

Զինեալները գրաւած էին բանակին յատուկ զինուորական ինքնաշարժներն ու պատանդ բռնած արձանագրուած վիրաւորները եւ զանոնք տարած էին Արսալի քաղաքապետարան, մինչեւ որ բանակի հրամանատարութիւնը յաւելեալ ուժեր ղրկած էր Արսալ եւ իր նահատակներն ու վիրաւորները փոխադրած Պաալպեքի Ամալ հիւանդանոցը:

Աւելի ուշ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակին գաղտնի սպասարկութեան ջոկատներէն մէկը յանցագործ մը ձերբակալելու նպատակով ուղղուած էր Արսալ եւ ինկած էր թակարդի մը մէջ, որուն ընթացքին արձանագրուած էին զինեալ բախումներ:

Բախումներուն պատճառով նահատակուած էին քափիթեն մը եւ ենթասպայ մը եւ վիրաւորուած ուրիշներ, ինչպէս նաեւ զինուորական ինքնաշարժները կրած էին մեծ վնասներ:

Հետեւաբար, բանակը Արսալը շրջափակած էր մեծ զօրամասով մը եւ ներխուժումներ կատարած` ձերբակալելու համար բանակին դէմ կրակ բացող քաղաքացիները:

Հաղորդագրութեան մէջ բանակը Արսալի բնակչութենէն պահանջեց բանակին հետ առաւելագոյնս գործակցիլ` զգուշացնելով, որ բանակը երբեք թոյլ վերաբերմունք պիտի չցուցաբերէ զինեալներուն թաքստոց ապահովող քաղաքացիներուն նկատմամբ:

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն ցաւ յայտնեց այս միջադէպին համար եւ խստիւ դատապարտեց բանակին դէմ յարձակումը` գուժելով բանակին նահատակներուն մահը եւ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

Ղոսըն շեշտեց, որ լիբանանեան պետութենէն աւելի բարձր պետութիւն պէտք չէ ըլլայ ամբողջ Լիբանանի տարածքին: «Լիբանանեան պետութեան եւ անոր բանակին արժանապատուութիւնը կարելի չէ թիրախ դարձնել», ըսաւ ան:

Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես խստիւ դատապարտեց բանակին դէմ գործուած յարձակումը` շեշտելով, որ ատիկա մերժելի արարք մըն է եւ կը նկատուի բոլոր լիբանանցիներուն դէմ գործուած յարձակում մը:

Ֆարես նշեց, որ Արսալ կը դիմագրաւէ այսպէս կոչուած Սուրիական ազատ բանակի հարց մը, որ միջամուխ կ՛ըլլայ Արսալի բնակչութեան հարցերուն:

Աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի դատապարտեց Արսալի մէջ բանակին դէմ գործուած յարձակումը, որ ամբողջ Լիբանանին դէմ յարձակում մը կը նկատուի` բանակին նկատմամբ բոլոր լիբանանցիներուն ցուցաբերած զօրակցութեան պատճառով:

Ժրայսաթի շեշտեց, որ այս միջադէպին ժամկէտը անմեղ չէ, այլ դիտումնաւոր եւ կանխամտածուած` խախտելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, յատկապէս Սուրիոյ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, ուր բոյն դրած է ահաբեկչութիւնը:

Ժրայսաթի կոչ ուղղեց նեցուկ կանգնելու լիբանանեան բանակին:

Հանրապետութեան նախկին նախագահներ զօր. Էմիլ Լահուտ եւ Ամին Ժեմայէլ իրենց կարգին դատապարտեցին բանակին դէմ գործուած յարձակումը եւ շեշտեցին, որ բանակին հետ պէտք է վարուիլ իբրեւ հայրենիքը պաշտպանող զինուորական հեղինակութիւն:

Յայտնենք, որ երէկ երեկոյեան բնակիչներ փակեցին Ռայաքի միջազգային մայրուղին եւ Մրայժեթի ճամբան` բողոքելով բանակին վրայ կատարուած յարձակումին դէմ:

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Տաուքի Հետ Քննարկեց Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Հայամէտ Ծերակուտականները Հայկական Հարցերու Վերաբերեալ Հարցումներ Ուղղած են Քերրիի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.