
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան տնօրէն խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Հութը, որուն հետ քննարկեց օտար երկիրներու մէջ լիբանանցի գործարարներուն աշխատանքները աշխուժացնելու հեռանկարները` անոնց տրամադրելով փոխադրութեան դիւրութիւններ` արագ, աժան եւ ուղղակի թռիչքներ ապահովելու ընդմէջէն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան դէպի հարաւային Ասիա, յատկապէս Հայաստան եւ Վրաստան ուղղակի թռիչքներ հաստատելու կարելիութիւնները` նկատի ունենալով այդ երկիրներուն արձանագրած տնտեսական նկատառելի աճը, ինչպէս նաեւ լիբանանցի ներդրողներու կողմէ այդ երկիրներուն հետ աշխատանքներ սկսելու փափաքն ու ցանկութիւնը:


