Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թորոսեան Վարժարան. Ստեղծագործական Երեկոյ

February 2, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ԳԱԼԷՆՏԷՐԵԱՆ

Ուրբաթ, 25 յունուար 2013 երեկոյեան ժամը 6:00-ին Թորոսեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդութիւն դարձած ստեղծագործական երեկոն: Աշակերտները իրենց տարբեր գործունէութիւններու կողքին, յատուկ ժամանակ տրամադրած էին ստեղծագործելու եւ լոյս աշխարհ բերելու իրենց պարտականութիւն տրուած զանազան ծրագիրներ: Այս ծրագիրներուն նիւթերը առնուած էին` հայոց պատմութենէն, Լիբանանի պատմութենէն կամ գիտութեան դասերէն:

Վարժարանս գիտակից ըլլալով արտադասարանային գործունէութիւններու կարեւորութեան, միշտ պատրաստ եղած է աշակերտներու տարեկան ծրագրին մէջ առիւծի բաժինը տրամադրելու վերոյիշեալ գործունէութիւններուն: Անոնք են, որ ակադեմական ծրագրի կողքին, կը կերտեն աշակերտին նկարագիրը ու կը յատնաբերեն անոր ներսիդին թաքնուած ձիրքերը:

Երեկոյի յայտագիրը բաժնուած էր երկու մասի: Առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական  Էմմանուէլ եկեղեցւոյ սրահէն ներս, ուր միջնակարգի աշակերտները ներկայացուցին իրենց պատրաստածները փաուըր փոյնթի միջոցով: Անոնք նիւթ առած էին ծխախոտի գործածութիւնը եւ անոր յառաջացուցած վնասները` ըլլան անոնք անմիջական անձին կամ շրջապատին: Ծխախոտի կողքին կար նաեւ ժամանակը անցած ուտելիքներու գոյութիւնը շուկային մէջ, եւ թէ` ինչպէ՞ս միշտ ենթական ուշադիր ըլլալու է իր գնած ուտելիքներու թուականին: Իւրաքանչիւր աշակերտ ի գործ դրած էր իր կարելին, որպէսզի իր ներկայացուցած նիւթը կարելի եղած չափով ըլլայ համոզիչ եւ հասնի իր նպատակին: Նպատակը, որ է ցոյց տալ մարդոց, ծխախոտի եւ ուտելիքներու վրայ դրուած թուականներուն կարեւորութիւնը ու անոնց յառաջացուցած վնասները: Յոյսով, որ այս մէկը թերեւս կարենայ  չնչին փոփոխութիւն մը յառաջացնել իրենց սիրելիներու կեանքին մէջ:

Իսկ երկրորդ մասը կ՛ընդգրկէր աշակերտներու ձեռային աշխատանքները, ծրագիրներ, որոնք ներկայացուած չէին համակարգիչով, այլ` ձեռային աշխատանքով: Այս բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին թէ՛ նախակրթարանի եւ թէ՛ միջնակարգի աշակերտները:

Հաճելի էր տեսնել  ուրախութիւնը աշակերտներուն, որոնք իրենց ծնողներուն ներկայութեան կը ներկայացնէին իրենց պատրաստածը:

Առ ի գնահատանք աշակերտներու տարած աշխատանքին` վարժարանիս տնօրէնութիւնն ու ուսուցչակազմը պատրաստած էր յատուկ գնահատագրեր, որոնք բաժնուեցան մասնակցողներուն եւ ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Քաջալերելի են այսպիսի ձեռնարկները եւ մեր մաղթանքն է, որ անոնք կրկնուին ամէն տարի, որովհետեւ միայն գիտելիքներ ամբարելով չէ, որ աշակերտը կը զարգանայ:

 

 

Նախորդը

Մայրերու Տարին Եւ Մեր Մայրերը. Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Դպրոցին Մէջ

Յաջորդը

Հալէպին Եւ Հալէպով

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.