Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրերու Տարին Եւ Մեր Մայրերը. Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Դպրոցին Մէջ

February 2, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

2013 տարին մէկ ամսուան կեանք մը ունի արդէն: Մեր ժողովուրդը եւ մեր մայրերը մասնաւորաբար լսեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառին կոնդակով հռչակուած լուրը. 2013 թուականը «Մայրերու տարի» է: Վեհափառ հայրապետը նկատի առած է անկասկած հայ մօր դերակատարութիւնը հայ կեանքին եւ հայ ընտանիքին մէջ: Առիթը յարմար նկատեցինք մեր կարգին խորհրդածելու մեր մայրերուն մասին, առաջին ակնարկով կեդրոնացանք Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մեծ ընտանիքին վրայ, ուր հայ մայրերը ոգի ի բռին կ՛աշխատին հայուն զաւակը հայ դաստիարակելու:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, իր Շրջանային վարչութեան կողքին, ունի յանձնախումբեր` դաստիարակչական, քարոզչական, կազմակերպական, կրթական, յարաբերական, ձեռարուեստի: Իւրաքանչիւր յանձնախումբ ունի իր ծրագրուած գործելակերպը, յայտագիրը, որուն կը հետեւի ամբողջ տարին: ԼՕԽ-ը ունի նաեւ առանձին բուժական կեդրոն` «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, որուն առողջապահութեան նուիրուած առօրեան յստակ է ու ծանօթ ամէնուն:

Մեր մայրերը եւ քոյրերը կը կազմակերպեն դասախօսութիւններ` դաստիարակչականը միացած առողջապահականին: Հոս կը պարզուի ժրաջան աշխատանք. մինչեւ իսկ մէկը միւսին յաջորդող եւ բնականաբար խաչաձեւումով, երեւոյթ մը, որ կը վերագրուի մեր մայրերուն մտահոգութեան` օրը օրին կիրարկելու այն աշխատանքը, որուն կարիքը ունի համայն մեր գաղութը, ԼՕԽ-ը իր մասնաճիւղերով եւ յանձնախմբային կազմակերպուածութեամբ կը տեսնէ դարուն ստեղծած բարիքն ու չարիքը: Եթէ նոյնիսկ չարիքը նուազ կշռող է ստեղծուած բարիքին դիմաց, դարձեալ կը մտահոգէ: Մեր շուրջը ունինք ախտաժէտ միջավայրերու զոհեր, որոնց անգիտակից վարմունքը կը խորտակէ անձը եւ իր ընտանիքը: Մայրերն են տառապողները, ԼՕԽ-ականները կը պայքարին այս խորթ իրողութիւնը փարատելու` իրենց կարողութեան ներած չափով:

Հանրային-ընկերային դաստիարակութեան համար ոչ մէկ ջանք կը խնայուի: Մայրերը կը հրաւիրուին արթուն մնալու եւ հսկելու իրենց հասակ առնող զաւակներուն քայլերուն: Մեր երիտասարդ մայրերը ունին իրենց աշխատանքները, մեծ մայրերուն վրայ կը դրուի պարտականութիւնը: Անոնցմէ ոմանք կը հետեւին դաստիարակչական ցուցմունքներու, բայց կրնա՞ն իրենց հեղինակութիւնը բանեցնել թոռներուն վրայ: Միւս կողմէ, կայ օտարազգի աղախիններուն նորածիններ եւ անչափահաս զաւակներ յանձնելու արարքը, որ բնա՜ւ ընդունելի չէ: Այսպիսի մայրեր մեղք կը գործեն, որովհետեւ հայ զաւակը հայ մօր շունչին, կաթին եւ գիրկին կարօտով կը սնանի, ատկէ դուրս մայրութիւնը կը ցամքի: Հարազատին ոգին ու հոգին կը ներարկուի մինչեւ իսկ երեք ամսուան երեխային, որ կը սկսի ճանչնալ մօր դէմքը: Այս ճշմարտութիւնը կը փոխանցեն մասնագէտները, հոգեբանները: Ուրեմն… «գունաւոր մայրերու» յանձնուած մեր զաւակները պիտի խորթանան ու խոտորին: Իւթոփիա չէ այս, այլ բնական ու բնախօսական իրականութիւն: Արդէն մեր մայրերը կը գոհանան մէկ կամ երկու զաւակով…:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղերուն եւ Շրջանային վարչութեան ու յանձնախումբերուն ճիտին պարտքն է համախմբել մեր երիտասարդ մայրերը, յատուկ ժամեր եւ հաղորդականութիւն ստեղծել վերը նշուած սխալները սրբագրելու համար, հարկ է սրբագրել թերիները, մրցակցութիւնները: Սերունդներ հասակ առած են առանց նեփալցիի, ֆիլիփինցիի, սրիլանքացիի, եթովպիացիի, եգիպտացիի կամ միւս ծառայողներուն: Իբրեւ տնային աշխատանքի ծառայողներ` կարելի է պահել զանոնք, բայց այդպիսիներուն մեր թարմատի զաւակները, մեր հարստութիւնը յանձնել` երբեք ներելի չեն: Այդպիսիք իրենց ձեռքով կը քանդեն իրենց ընտանեկան խաղաղութիւնը եւ զաւակին ապագան:

Եթէ մեր մայրերը շարունակեն խնկարկել օտար աղախիններու հետ իրենց գործակցութիւնը, եթէ հայ մայրերը ծուռ նային հայ դպրոցին եւ իրենց զաւակները յանձնեն օտար դպրոցին, այդպիսիք հայ մայր կոչուելու արժանի չեն: Թող ներեն մատի վրայ համրուող բացառութիւնները, զանոնք օրինակ մի՛ բերէք երբեք:

ԼՕԽ-ը, մանաւանդ` առողջապահականը, պէտք է նոր ձեւեր որոնէ երիտասարդ հայ մայրը բերելու իր դպրոցը, որպէսզի ազգային մեր կեանքը ունենայ բնական եւ խաղաղ ընթացք: Արամ Ա. կաթողիկոսին տեսլականն է այս, որուն պէտք է հետեւինք ազգովին:

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» Մասնաճիւղի 35-ամեակ

Յաջորդը

Թորոսեան Վարժարան. Ստեղծագործական Երեկոյ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.