Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լրագրողներ Առանց Սահմանի» Կը Յայտարարէ. «Մարդու Իրաւունքներուն Նկատմամբ Պաքուի Ատելութիւնը Անսահման Է»

January 31, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Լրագրողներ առանց սահմանի» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը դատապարտած է Պաքուի կեդրոնին մէջ օրեր առաջ պլոկըրներու եւ լրագրողներու դէմ կիրարկուած բռնութիւնները:

Յիշեցնենք, որ 26 յունուարին Պաքուի մէջ չարտօնուած բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ` առ ի զօրակցութիւն Իսմայիլլիի բնակիչներուն, որոնք 23-24 յունուարին բողոքի ցոյցեր եւ անկարգութիւններ կատարած էին` շրջանի ղեկավարի հրաժարականին պահանջով: Սակայն Պաքուի կեդրոնին մէջ ցոյցը քանի մը վայրկեան ետք ցրուուած էր, ձերբակալուած էին քանի մը տասնեակ մարդիկ, ներառեալ` լրագրողներ եւ պլոկըրներ:

«Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ Ալիեւի վարչակարգին ատելութիւնը անսահման է:  Յայտնի իրաւապաշտպաններու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներու իրաւունքներուն խախտումները անթոյլատրելի են եւ կը նկատուին անձնական վրէժխնդրութեան գործողութիւններ, որոնց նպատակը միւսներուն «դաս տալն» է: Իշխանութիւնները այդ ձեւով կը փորձեն լռեցնել բոլոր այն մարդիկը, որոնք կը քննադատեն Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու սարսափելի վիճակը:

«Այդ ամէնը տեղի ունեցաւ մէկ օր ետք, երբ Եւրոպական խորհուրդը Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու վերաբերեալ բանաձեւը չընդունեց: Ատիկա (չընդունիլը) հարուած մըն էր երկրին քաղաքացիական հասարակութեան եւ կը վկայէ նաեւ այն մասին, որ իշխանութիւնները հաւատացած են, թէ կրնան անպատիժ ընել այն, ինչ որ կ՛ուզեն…», ազրպէյճանական «Kontakt.az» կայքէջին համաձայն, ըսուած է կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ:

Կազմակերպութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ 26 յունուարին ձերբակալուած են նոյնիսկ այն լրագրողները, որոնք լրագրական բաճկոնով եղած են եւ համապատասխան փաստաթուղթ ներկայացուցած: Իսկ իրաւապահները արցունքաբեր կազ օգտագործած են նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ցոյցը ցրուած էր, երեսուն մարդ թունաւորուած է:

«Լրագրողներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղէ` Պաքուին անյապաղ «հասկցնելու», թէ այդպիսի գործողութիւնները կը հակասեն միջազգային կառոյցներուն առջեւ Ազրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն:

 

Նախորդը

Ըստ «Հիւրրիյեթ»-ի ՔԱԿ Փետրուարին Զինադադար Պիտի Յայտարարէ

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ ՔԱԿ-ի Գործիչներու Սպանութեան Հարցով Կասկածեալը Ոճիրէն Առաջ 8 Անգամ Անգարա Այցելած Է

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.