Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ասատ Պիտի Հեռանայ Եւ Անոր Օրերը Հաշուըւած Են» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

January 30, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճէյ Քառնի

Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացման» վրայ պնդեց` նշելով, որ «անոր օրերը հաշուըւած են, իսկ պատմութեան մէջ իբրեւ ձեռքերը արիւնով ներկուած բռնատէր մը պիտի արձանագրուի»:

Ան յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ աշխարհի այլ մասերու մէջ եւ Սուրիոյ կողքին այլ պետութիւններու մէջ եւս տգեղ բռնարարքներ գոյութիւն ունին»:

Սպիտակ տան բանբերը յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ ընդդիմութիւնը յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ եւ Ասատի իշխանութիւնը կը տկարանայ»` նշելով, որ իր երկիրը «պիտի շարունակէ իր գործընկերներուն հետ որդեգրել քայլեր` ընդդիմութեան մարդասիրական օժանդակութիւն եւ ոչ մահասփիւռ օժանդակութիւն ապահովելու համար, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ յետասատեան հանգրուանին հասնելու, ինչ որ իր ապագան ճշդելու ժողովուրդին կամքին արտացոլումն է»:

Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ իր կարգին «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վարչակարգը սուրիական հողամասերուն իր վերահսկողութիւնը կը կորսնցնէ:

Ան նշեց, որ սուրիական վարչակարգը իր ժողովուրդին դէմ ահաւոր զէնքեր եւ «Սքոտ» հրթիռներ կ՛օգտագործէ, «սակայն հակառակ վարչակարգի վայրագութեան, սուրիական ընդդիմութիւնը գրեթէ ամէն օր յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ եւ (Սուրիական) ազատ բանակը մարտի դաշտին վրայ կը յառաջանայ, սակայն վերջ ի վերջոյ կը մաղթենք, որ նախագահ Պաշշար Ասատ իշխանութենէն հեռանայ եւ փոխանցման իշխանութիւն մը կարենայ անոր տեղ գալ»:

Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը պատասխանելով հարցումի մը ըսաւ, որ ամերիկեան կառավարութիւնը պատրաստ է սուրիական ընդդիմութենէն կազմուած կառավարութեան մը հետ գործակցելու` նշելով, որ նախագահ Օպամա ճանչցաւ Սուրիական ընդդիմադիր ազգային համաձայնական մարմինը` իբրեւ սուրիացի ժողովուրդի օրինական ներկայացուցիչ` վերահաստատելով սուրիական տագնապի լուծման հասնելու համաձայնական մարմինի ջանքերուն նկատմամբ աջակցութիւնը:

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սուրիական ազատ բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի խօսքերը ընդունած է իբրեւ Սուրիոյ հարցին մէջ «Ռուսիոյ նոր դիրքորոշում» եւ համոզում կը յայտնէ, որ ռուսական իշխանութիւններու նոր դիրքորոշումը Սուրիոյ ժողովուրդին կարելիութիւն պիտի ընձեռէ տապալելու Ասատը:

Մետվետեւ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ Ասատ «ճակատագրական սխալ» գործած էր, քաղաքական բարեփոխումներուն մէջ չափաւորական ընդդիմութիւնը չներգրաւելով, նաեւ ընդգծած էր, որ «Սուրիոյ մէջ իշխանութիւնը պահելու Ասատի կարելիութիւնները հետզհետէ կը նուազին»:

Մինչ այդ, ՄԱԿ յայտարարեց, որ սուրիացի գաղթականներու թիւը շրջանցած է 700 հազարը: Ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, Լիբանանի մէջ ապաստանած սուրիացիներուն թիւը աւելի քան 226 հազար է, Յորդանանի մէջ` 219 հազար, Թուրքիոյ մէջ` 165 հազար, Իրաքի մէջ` 77,500, իսկ Եգիպտոսի մէջ` 14 հազար:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Զաքաթալայի Շրջանին Մէջ Խռովութիւնը Կը Հասուննայ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.