
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Թուրքիա կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ իր ջանքերը` Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու նպատակով` աւելցնելով, որ լիբանանցիները առեւանգող Ապու Իպրահիմի Ազեզի մէջ գոյութիւնը անյստակ է:
Թուրք դեսպանը նշեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն եւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարները պիտի քննարկուին վարչապետ Միքաթիի Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին:


