Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ասատի Վարչակարգը Ապագայ Չունի, Եւ Մետվետեւի Կեցուածքը Ճիշդ Հունի Մէջ» Կ՛ըսէ Ֆապիւս

January 29, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լորան Ֆապիւս

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ «Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի` սուրիական վարչակարգին շուրջ կատարած վերջին յայտարարութիւնը ճիշդ հունի մէջ է եւ կը յուսանք, որ ատիկա իրողական գետնի վրայ արտայայտութիւն գտնէ»:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ «բոլոր փորձագէտները կը խոստովանին, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը ապագայ չունի»:

Ան Փարիզի մէջ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի աջակցութեան միջազգային ժողովի բացումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «միշտ պէտք է յիշենք, թէ Սուրիոյ մէջ ո՛րն է հիմնականը: Հարցը կը վերաբերի ժողովուրդի մը իր արժանապատուութեան ու ազատութեան սիրոյն ըմբոստութեան»` նշելով, որ «վարչակարգը ուզեց սուրիական յեղափոխութիւնը արեան մէջ խեղդել»` շեշտելով, որ «բոլոր ազատ երկիրները պէտք է սուրիացի ժողովուրդին օգնեն»:

Ֆապիւս ըսաւ, որ «կ՛ուզենք, որ Սուրիա ազատագրուի, քաոսէն զգուշանանք եւ սուրիացի ժողովուրդին կարելիութիւն տանք իր ազատութիւնը իրագործելու, որովհետեւ գոյութիւն ունի այն վտանգը, որ սպանութիւն երեւոյթը երկարաձգուի եւ ծայրայեղականութիւնը, որուն դէմ կ՛ուզենք պայքարիլ, զարգանայ»:

«Պէտք է քաոսին վերջ տանք, եւ այդ մէկը պէտք է ըլլայ խաղաղ ձեւով ու սուրիական համաձայնական մարմինին մեծ ու յստակ աջակցութեան ճամբով», ըսաւ ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ռուսիա կ՛ակնկալէ, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման հարցին մէջ իր գործընկերները ռուսական կողմի դիրքորոշումը մեկնաբանելու ընթացքին աւելի պարկեշտ ձեւով կ՛արտայայտուին:

«Կ՛ակնկալեմ, որ այլ երկիրներու մեր գործընկերները աւելի փաստարկուած եւ պարկեշտ կերպով մեկնաբանեն Սուրիոյ մէջ գործողութիւնները` մեր տեսանկիւնէն», ըսաւ Լաւրով` անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին այն յայտարարութեան, թէ Սուրիոյ հարցին մէջ Ռուսիոյ դիրքորոշումը փոխուած է, եւ Ռուսիան «հիասթափուած է» սուրիական վարչակարգէն:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «Նիւ Ռիփապլիք» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ մեծ ջանք կը թափէ գնահատական մը տալու այն հարցին, թէ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական միջամտութիւնը տագնապի լուծման պիտի նպաստէ՞, թէ՞ հարցերը աւելի պիտի բարդացնէ:

 

Նախորդը

Եգիպտական Ընդդիմութիւնը Մերժեց Մուրսիի Երկխօսութեան Հրաւէրը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Նոր Նշանակուած Ներքին Գործոց Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Պիտի Շարունակենք, Մինչեւ Որ Վերջ Տանք Անոր»

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.