Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Յունուար 1963)

January 29, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի

«Վա՜յ Մեզ, Եղո՜ւկ Մեզ»…

Սրտապատառ ճիչն է Տիգրանակերտի ժողովուրդին, որուն երբեմնի փառքէն բեկորներ մնացած են այսօր, Անատոլուի մթին խորշերուն մէջ:

Նորութիւն չէ, անշուշտ, լսել կամ տեղեկանալ, թէ ցիրուցան համրանք մը ունինք Թուրքիոյ զանազան նահանգներուն մէջ, Պոլսէն հեռու:

Եւ երբեք զարմանալի չէ, որ անոնք, այդ «գաղութները», աստիճանաբար հալին կամ գունատին:

Երկրին օրէնքները, ընկերային եւ տնտեսական վիճակը ու մանաւանդ միջավայրը եւ մթնոլորտը այդ ճակատագիրը միայն վերապահած կրնային ըլլալ մեր մնացորդացին:

Պոլսէն «գաւառ» այցելող քահանայ մըն է այս անգամ, Շաւարշ Պալըմեան, որ կը հովուէ իր հօտը` «հոգեւոր մխիթարութիւն» պարգեւելու համար Եդեսիոյ, Սսոյ, Տիգրանակերտի եւ տարբեր նահանգներու իր «զաւակներուն»:

Եւ կու տայ յուզիչ դրուագներ, «պատկերազարդ պատմութիւն հայոց»:

Ցարդ հրատարակուած ուղեւորական նոթերէն ի յայտ կու գայ մասնաւորաբար ա՛յն, որ խորշակահար այս «ածուները» ո՛չ միայն արեւ-անձրեւ չեն տեսներ, այլեւ զրկուած են հոգեւոր մատակարարութենէ:

Կեդրոնը, Պոլսոյ պատրիարքարանը, ատենը անգամ մը քահանաներ կը ճամբէ դէպի ծայրագաւառներ` մկրտելու համար «անմեռոն» մնացած պատանիներ կամ չափահաս մարդիկ: Հարսանիք, հաղորդութիւն, նաեւ տաղաւարէ տաղաւար` պատարագ…

Սակայն բացայայտ է, որ մնայուն հովիւ չի կրնար գտնել:

Ո՞վ պիտի համակերպի Եդեսիոյ կամ Տիգրանակերտի մէկ անկիւնը քահանայագործելու, այն ալ` ողորմելի՜ պայմաններու մէջ, եւ… ձաւար ու կորեկ ծամելով:

Կասկած չունինք, որ եկեղեցական իշխանութիւնը սրտի կծկումով համակերպած է կացութեան եւ օրուան հարկադրանքներուն: Ո՛չ անփութութիւն կայ գործին մէջ, ո՛չ ալ չկամութիւն: Ընդհակառա՛կն, գոհունակութեամբ պիտի հաստատենք, թէ ո՛չ գուրգուրանքը կը պակսի, ո՛չ ալ գիտակցութիւնը:

Դժուարութիւնը կը բխի կեանքի պայմաններէն, միջավայրէն, բարքերէն: Չենք մոռնար, որ Տիգրանակերտի եւ Կեսարիոյ քահանաները քարկոծումով եւ հայհուչներով կը հալածուէին տակաւին քանի մը տարի առաջ…

Որպէսզի միայն մեր ցաւին մասին խօսած չըլլանք, արձանագրենք նաեւ, ի դէպ, որ թուրք պետական պաշտօնեաներ, բժիշկներ եւ ուսուցիչներ եւս կը դժկամին «ծայրագաւառ»-ներու մէջ պաշտօն կամ պարտականութիւն ստանձնելու: Երբ «Անատոլու» կ՛ըսուի, պաշտօնեան կամ պաշտօնատարը փշաքաղում կ՛ունենան…

Մնացեալը` ինքնին հասկնալի է:

Մեր բեկորները, սակայն, «այս աշխարհքէն » չեն, ու կը պահեն գաւառիկ իրենց բարեյուսութիւնն ու հաւատքը:

Կ՛ակնկալեն, որ գէ՛թ հոգեպէս որբ չմնան: Ունենան «ժամ» ու «տէրտէր», ա՛ռնուազն Յիսուսի անունը չմոռնալու եւ կիրակիէ կիրակի «պատարագ տեսնելու» համար:

Տեսէ՛ք, թէ Տիգրանակերտի ժողովուրդը ինչպէ՛ս բառի կը վերածէ իր կարօտը, զրկանքն ու դառնութիւնը.

«Վա՜յ մեզ, եղո՜ւկ մեզ, վա՜յ. անտէր մնացեր ենք: Տէրը ի՛նք ողորմի մեզի. բարի հովիւ մը ղրկէ մեզի: Մեզի հետ չոր հաց ուտէ, մենք ալ իր ետին կենանք` աղօթենք: Տէրը իր լոյս հաւատքէն չզրկէ մեզ»…

Քանի մը տող է միայն. սակայն կը զգաս, որ ամէն բառի մէջ ծո՜վ մը «արուն ու արցունք» կայ…

Եթէ նո՛յնիսկ հնարաւորութիւններ ստեղծուէին «անտէր» չձգելու ցիրուցան համրանքը, անշուշտ դժուար պիտի ըլլար գտնել «չոր հացի» թեկնածուներ: Հիմա ո՛չ միայն հացն ու պանիրը, այլեւ ուրի՜շ բաներ կը փնտռէ հայ եկեղեցականութիւնը` իր կոչումին ճամբով քալելու համար…

Հետեւաբար գործնական կարելիութիւնները չեն, որ կը գրաւեն մեր միտքը:

Չենք կրնար չյուզուիլ` հեռաւոր այդ կանչին մէջ անխաթար ու զօրեղ գտնելով հաւատքին ձայնը: Եւ ասիկա՛ է, որ կը մխիթարէ մեզ:

Ամէն պարագայի, անոնց կանչին մէջ ուրի՜շ խորհուրդ կը տեսնենք մենք. «Վա՜յ մեզ, եղո՜ւկ մեզ»…

Նախորդը

Խմբագրական. Գիտակցական Նո՛յն Վերաբերմունքին Ակնկալութեամբ (Հայոց Բանակի Օրուան առիթով)

Յաջորդը

Նշանաւոր Մարդկանց Կեանքից. Դրուագ, Որ Թաքցւում Է Գարեգին Նժդեհի Գործունէութիւնից

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.