Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Մէջ Ցոյց` Իբրեւ Բողոք Հայերու Վրայ Կատարուած Յարձակումներուն Դէմ

January 28, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոլսոյ հայաշատ Սամաթիա թաղամասին մէջ հայերու վրայ կատարուած յարձակումներուն դէմ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու համար թուրքերը երէկ ցոյց մը կազմակերպած են: Վկայակոչելով հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթը` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երթին մասնակիցները Քոճամուսթաֆափաշա կանգառէն քալած են դէպի Սամաթիոյ հրապարակը:

«Հայ ժողովուրդի կողքին ենք, խտրականութեան ճամբայ պիտի չտանք», «Մի՛ դպչիր իմ հայ դրացիիս», «Ատելութիւնը` ձեզի, մարդկութիւնը` մեզի», գրութեամբ պաստառները իրենց ձեռքերուն ցոյցին մասնակցած են նաեւ թուրք երեսփոխաններ: Մասնակիցները մեխակներ զետեղած են 2012-ի դեկտեմբերի վերջին սպաննուած տարեց հայ կնոջ` Մարիցա Քիւչիւքի տան առջեւ: Սամաթիոյ բնակիչները ցոյցը ողջունած են ծափահարութիւններով:

Թուրքիոյ խորհրդարանի Մարդկային Իրաւանց ուսումնասիրման յանձնախումբի անդամ եւ Մերսինի շրջանի երեսփոխան Էրթուղրուլ Քիւքչիւ Սամաթիոյ հրապարակին վրայ իր ունեցած ելոյթին ժամանակ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ յարձակումները կատարուած են խտրականութեան հողի վրայ եւ ընդգծած է կատարուածին շուրջ հետաքննութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

«Սամաթիոյ Մէջ Հայ Կիներու Դէմ Բռնարարքները
Ցեղապաշտական Բնոյթ Ունին»

Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնը Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ հայերու դէմ տեղի ունեցած բռնարարքներուն վերաբերեալ զեկուցում մը հրապարակած է:

«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ զեկուցումին հեղինակները ընդգծած են, որ բռնարարքները կատարուած են ցեղապաշտական դրդապատճառներով եւ ոստիկանութենէն պահանջած են հետաքննութիւնները ընդլայնել:

«Յարձակումներու զոհերը նման են` անոնք տարեց, կին եւ հայ են: Ակնյայտ է, որ հիմնական նպատակը կողոպուտը չէ: Տարեց եւ անուժ կիներ, որոնք դիւրութեամբ կրնան «վնասազերծուիլ», բռնութեան եւ ծեծի կ՛ենթարկուին», ըսած է կազմակերպութեան ղեկավար Մերալ Չըլտըր:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ լրագրողներէն մէկը տեղեկացուցած է, որ Սուլթան Այքարի յարձակումի ենթարկուելու օրը քարկոծուած է նաեւ տեղւոյն յունական եկեղեցին:

Զեկուցումին մէջ ներկայացուած են նաեւ Սամաթիոյ հայ բնակիչներու կարծիքները: «Հայ բառը իբրեւ հայհոյանք կ՛օգտագործուի: Այնքան ատեն որ «հայը» տակաւին հայհոյանք է, նման յարձակումներն ու սպանութիւնները շարունակական պիտի ըլլան: Այսօր ութսունը անց մարդիկ, վաղը` երեսուն, միւս օրը` քառասուն տարեկանները: Քանի տակաւին մեր անունը իբրեւ հայհոյանք կ՛օգտագործուի, այս միջադէպերուն վերջ պիտի չտրուի», ըսած է անոնցմէ մէկը:

Այլ բնակիչ մը նշած է. «Երբ մէկը` օրինակ` Մուսթաֆան, Օսմանին, Ահմեթին կը սպաննէ, անոր մարդասպան կը նկատեն, նոյնիսկ բանտին մէջ անոր հետ իբրեւ մարդասպան կը վարուին: Սակայն երբ մէկը` օրինակ` Յակոբի, Խաչատուրի սպաննէ, հերոս կը դառնայ եւ մինչեւ իսկ բանտին մէջ իբրեւ հերոս կը դիտուի: Այս է տարբերութիւնը»:

«Այսօր Պոլսոյ հայ բնակչութիւնը ընդհանուր բնակչութեան մէկ տոկոսն իսկ չէ, սակայն հայերու յանցագործութեան թիրախին մէջ յայտնուելուն հաւանականութիւնը շատ մեծ է», ըսած է մէկ այլ բնակիչ:

Զեկուցումին մէջ տեղ գտած են հետեւեալ եզրայանգումները. Սամաթիոյ հայերը յարձակումի վտանգի առջեւ են: Հասարակութեան մը միութեան ամէնէն խոցելի կէտը անօգնական, ուշադրութեան կարիք եղող ընտանիքի մեծերը, տարեցներն են: Սակայն Սամաթիոյ հայերուն ամէնէն թոյլ, ամէնէն զգայուն եւ ամէնէն ցաւոտ տեղը կը դպչին:

Կատարուած սպանութիւնը պարզապէս կողոպուտի նպատակով չէ կատարուած, անիկա բռնութիւն պարունակած է:

Սամաթիոյ հայ բնակչութիւնը անհանգիստ է: Որքան ալ չուզեն ընդունիլ, զգացնել տալ, ատիկա հայ ինքնութեան ուղղուած ցեղապաշտութեան եւ ատելութեան դրսեւորում է:

 

 

Նախորդը

Էլիզէէն Աղբիւրներ «Հիւրրիյէթ»-ին Կը Յայտնեն. Հոլլանտ 24 Ապրիլին Հայաստան Պիտի Այցելէ, Սակայն Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը Ծերակոյտին Պիտի Չներկայացնէ

Յաջորդը

Խմբագրական. Գիտակցական Նո՛յն Վերաբերմունքին Ակնկալութեամբ (Հայոց Բանակի Օրուան առիթով)

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.