Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաթա Ժոզի Զոհերը Յանձնուեցան Հողին, Իսկ Ոճրագործը` Ապահովութեան Ուժերուն

January 28, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի օր Ուաթա Ժոզի մէջ սպաննուած Սէյֆէտտին ընտանիքին պատկանող երկու անդամներ` Ղասսանի եւ Հատիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ:

Յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա, Ապպաս Հաշեմ, Ուալիտ Խուրի եւ նախկին երեսփոխան Շամել Մոզայա, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը:

Յուղարկաւորութեան նախագահող շէյխ Հիւսէյն Զաայթեր պահանջեց Ղասսան եւ Հատի Սէյֆէտտինները սպաննող ոճրագործը յանձնել դատական իշխանութիւններուն` շեշտելով, որ Ժիպէյլ պիտի մնայ ազգային համերաշխութեան քաղաքը:

Իր կարգին, Ապի Ռամիա ողջունեց Լասայի բնակիչներուն իմաստուն կեցուածքը` ընդգծելով, որ ոչ ոք կրնայ օրէնքը շրջանցել:

Երեկոյեան ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի եւ ոստիկաններու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Տուէյհիի վերահսկողութեամբ յանցագործ  Անթոնի Խալիլ (Հարաժելի շրջանէն) յանձնուեցաւ ապահովութեան ուժերուն:

Շարպել եւ Տուէյհի ուղղուեցան Լասա, ուր անոնք ցաւակցութիւն յայտնեցին Սէյֆէտտին ընտանիքին:

Նշենք, որ Լասայի բնակիչները շաբաթ օր դարձեալ փակեցին Մէյրուպա-Ֆարայա փողոցները` պահանջելով Սէյֆէտտին ընտանիքի երկու անդամները սպաննող ոճրագործը յանձնել դատական իշխանութիւններուն, իմանալէ ետք, որ  ոճրագործը տակաւին ինքզինք չէ յանձնած ապահովութեան ուժերուն:

 

Նախորդը

«Լիբանանի Կառավարութիւնը Յանձնառու Մնացած Է Սուրիացի Գաղթականներուն Օժանդակելու Իր Յանձնառութեան» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Յաջորդը

«Համամասնական Դրութիւնը Առիթ Կու Տայ Արդար Ներկայացուցչութեան» Ընդգծեց Նախագահ Սլէյման

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.