Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Մէջ Իշխանութիւնը Պահելու Ասատի Կարելիութիւնները Հետզհետէ Կը Նուազին» Կ՛ըսէ Մետվետեւ

January 28, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տմիթրի Մետվետեւ

Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ իշխանութիւնը պահելու նախագահ Պաշշար Ասատի կարելիութիւնները հետզհետէ կը նուազին»: Ան միջազգային եւ շրջանային ուժերուն կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերուն միջեւ բանակցութիւններուն աջակցելու:

«Ասատ քաղաքական բարեփոխումներ կատարելու ընթացքին սխալ գործեց: Այդ ամէնը պէտք էր աւելի արագ տեղի ունենար եւ ան պէտք էր սիրաշահէր չափաւորական ընդդիմութիւնը, որ պատրաստ էր բանակցութեանց սեղան նստելու: Այդ մէկը իր կողմէ գործուած մեծ սխալ մըն էր եւ թերեւս մահացու սխալ մը», նշեց Ռուսիոյ վարչապետը:

Մետվետեւ ըսաւ, որ «Ռուսիա երբեք չըսաւ, որ իր նպատակը ներկայ քաղաքական վարչակարգը կամ նախագահ Ասատը պահելն է: Ատիկա սուրիացի ժողովուրդը պէտք է որոշէ: Սուրիացի ժողովուրդը բազմաթիւ ազգութիւններէ ու յարանուանութիւններէ կազմուած է եւ այդ հիմամբ պէտք է սիւննիները, շիիները, ալեւիները, տիւրզիներն ու քրիստոնեաները բանակցութեանց սեղան նստին: Միայն այդ պարագային կարելի է համապարփակ ազգային երկխօսութիւն կատարել: Եթէ ոեւէ մէկը այդ երկխօսութենէն հեռու պահուի, քաղաքացիական պատերազմը պիտի շարունակուի` նկատի ունենալով, որ քաղաքացիական պատերազմը ընթացքի մէջ է,  եւ ատոր համար պատասխանատուն, ըստ իս, հաւասարապէս երկրին ղեկավարութիւնն է եւ ծայրայեղական ընդդիմութիւնը, որ մեծ մասամբ ծայրայեղ իսլամականներէ կազմուած է»:

Պատասխանելով «Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու կարելիութեան» մասին հարցումի մը` Մետվետեւ ըսաւ. «Ես չեմ գիտեր, կը կարծեմ, որ անոր մնալուն կարելիութիւնները օրէ օր, շաբաթէ շաբաթ եւ ամիսէ ամիս կը նուազին, սակայն անգամ մը եւս կը կրկնեմ, այդ մէկը սուրիացի ժողովուրդը կ՛որոշէ եւ ոչ թէ Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները կամ որեւէ այլ երկիր: Ներկայիս հիմնական հարցը ազգային հաշտութեան հոլովոյթի ապահովումն է եւ պէտք է ինչ պատահելիքին մասին մտածենք: Օրինակի համար, եթէ հիմա իշխանութեան հասնի ընդդիմութիւնը, որ սուրիական հողամասերուն վրայ կազմուած չէ, այլ արտասահմանի մէջ, ի՞նչ պիտի ընէ. անիկա պիտի բնաջնջէ իսլամական միւս հոսանքներն ու այլ կրօններու յարանուանութիւնները եւ անիկա այդ մէկը արդէն կ՛ընէ: Ուստի կա՛մ միջազգային ընտանիքի հսկողութեան տակ ազգային հաշտութեան հոլովոյթ մը տեղի կ՛ունենայ, կա՛մ ալ քաղաքացիական պատերազմը անվերջ կը շարունակուի.  երրորդ ընտրանք մը չկայ»:

Սուրիոյ միւֆթի Ահմետ Պատրէտտին Հասուն յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պատրաստ է իշխանութենէն հրաժարելու, եթէ սուրիացի ժողովուրդը այդ մէկը ընդունի»` նշելով, որ «այսպէս կոչուած «Արաբական գարնան» բոլոր երկիրները աղքատութիւն, գողութիւն եւ իրենց բնակչութեան մէջ ներքին կռիւներ կ՛ապրին»:

Միւֆթին նշեց, որ «զինեալ խմբաւորումները քաղաքներ ամբողջովին քանդեցին, մզկիթներն ու եկեղեցիները կործանեցին եւ Հալէպն ու անոր գործարանները կողոպտեցին»` հարց տալով, թէ «վարչակարգի փոփոխութիւնը գողութեա՞մբ, սպանութեա՞մբ եւ չարչարանքի ենթարկելո՞վ կ՛ըլլայ»:

Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ իր կարգին էմիրաթական «Պայան» օրաթերթին յայտնեց, որ «Ասատի ճակատագիրը միայն սուրիացի ժողովուրդը կը ճշդէ: Ան միայն նախագահ Պաշշար Ասատի մնալը կամ հեռանալը կ՛որոշէ»` հարց տալով, որ «ժողովրդավարութեան եւ ընտրութեան հիմքը այդ չէ՞»:

Ան նշեց, որ «գոյութիւն ունին կարմիր եւ դեղին գիծեր` առանց նկատի ունենալու նաեւ սուրիացի ժողովուրդին բարձրացուցած կարմիր քարտը, ինչ որ պատասխան է իրանեան պնդումին, թէ Ասատ կարմիր գիծ է»:

Հիւրմիւզլիւ չբացառեց, որ Փարիզի մէջ քիւրտ գործիչներու սպանութեան ետին Ասատի վարչակարգը կանգնած ըլլայ` նշելով, որ «ամէն ինչ կարելի է եւ պետութիւններու կազմակերպութիւններու ամբաստանութիւն ուղղուեցաւ եւ ներքին հաշուեյարդարի մասին շատ բան ըսուեցաւ»:

Նշենք, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ օգնականներէն Ալի Աքպար Վիլայեթի շաբաթ օր յայտնած էր, որ «Սուրիա դիմադրութեան քաղաքականութեան ջատագովման մէջ շրջանին մէջ շատ հիմնական եւ բանալի դերակատարութիւն ունի… այդ պատճառով ալ Սուրիոյ դէմ յարձակում մը Իրանի եւ անոր դաշնակիցներուն դէմ յարձակում պիտի նկատուի»:

Նախորդը

Եգիպտոսի Տարածքին Խռովարարութիւնները Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Կը Պատճառեն

Յաջորդը

Պրազիլի Մէջ Գիշերային Վայրի Մը Մէջ Հրդեհի Մը Պատճառով 245 Զոհ Արձանագրուեցաւ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.