Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Գերակայ Երկու Ուղղութիւն

January 26, 2013
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընտրութիւնները ժողովրդավար երկիրներու պարագային առիթ են ծրագիրներու ներկայացման, տուեալ երկրին դիմագրաւած խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ այս կամ այն ուժին, կուսակցութեան կամ անձնաւորութեան ունեցած պատկերացումներուն ծանօթացման: Անոնց հիման վրայ է, որ մարդիկ, կազմակերպութիւններ իշխանութիւն կը ստանձնեն եւ սկզբունքով կը փորձեն իրականացնել իրենց նախընտրական խոստումները: Այս մէկը քաղաքագիտական պարզ տեսութիւն է:

Լիբանանցի քաղաքացին երկար ատենէ ի վեր կը հետեւի ընտրական նոր օրինագիծերու առաջադրման, վէճերուն, քաշքշուքներուն եւ այդ բոլորով ստեղծուած անորոշութեան: Քննարկման սեղանին վրայ դրուած նախագիծերը տիրող մթնոլորտին եւ արձանագրուող մօտեցումներուն լոյսին տակ չեն բիւրեղանար եւ հեռու կը մնան համաձայնական եզրերու յանգելու ընթացքէն:

Լիբանանը ամբողջ կանգնած է իր պետական հաստատութիւններու վերաձեւաւորման կարեւոր շրջադարձի, այլ խօսքով` կարեւոր քննութեան առջեւ: Տարածաշրջանային մակարդակի վրայ ստեղծուած ճգնաժամերը, անոնց իբրեւ ազդեցութիւն` երկրին մէջ տիրող լարուած իրավիճակը, համայնքային եւ կրօնական ներշնչումներու տակ ներկայացուող հատուածայնութիւնը անգամ մը եւս մթագնած են քաղաքական երկնակամարը:

Ընտրական որեւէ օրինագիծի քննարկումն ու մանաւանդ անոր որդեգրումը այս երկրին համար կը նշանակէ ամբողջ պետական համակարգին եւ հասարակութեան գոյութեան, ստեղծագործման եւ ներդաշնակ համակեցութեան տանող ուղիի որոշում: Անոր հիման վրայ է, որ պիտի ձեւաւորուին նախ օրէնսդիր իշխանութիւնը, ապա` գործադիրը եւ պետական բոլոր հիմնարկները:

Ճիշդ այստեղ  է ուրեմն, որ հատուածայնութիւնը պէտք չէ ստանայ գերակայ ուղղութեան նշանակութիւն: Համայնքներու իրողական ներկայացուցչութիւններու ապահովումը  կենսական է որեւէ ընտրական օրինագիծի որդեգրման համար: Միաժամանակ սակայն, լիբանանեան հասարակութիւնը բաղկացնող բոլոր համայնքներու իրաւունքի յարգումը եւս նախապայմանային նշանակութիւն ունի ընտրութիւններուն ընթացքին:

Այնքան ատեն որ միջհամայնքային կառուցուածքին վրայ հիմնուած է լիբանանեան պետական-կառավարական, ինչպէս նաեւ հասարակական կեանքը, միջհամայնքային համախոհութեամբ պայմանաւորուած է որեւէ օրինագիծ, որոշումի որեւէ նախագիծ եւ որեւէ օրէնք:

Այն ոդիսականը, որ կ՛ապրի ընտրական նոր օրինագիծը, կրնայ նոր սկիզբ ապահովել երկրի կայունութեան, անվտանգութեան, բարօրութեան եւ խաղաղ ու անդորր պայմաններու ստեղծման: Հակառակ ուղղութիւնը, հատուածայնութիւնը, այս կամ այն համայնքին կամքին պարտադրումը, ընտրական օրինագիծին մէջ միայն իր ուժին բացարձակ տիրապետումը տեսնելը այլ վտանգաւոր ուղիներու կ՛առաջնորդեն մայրիներու երկիրը: Արդէն իսկ դիւրաբեկ կայունութիւնը, կրօնական ծայրայեղութիւններու վտանգաւոր դրսեւորումները, ապահովութեան խախտումներու շատ մտահոգիչ երեւոյթները եւ դրացի երկիրներու մէջ պատահածներու տեղափոխման մնայուն մղձաւանջները ցնցած են հասարակութիւնը, որ պէտք ունի բնականոն պայմաններու, տնտեսութեան ամրապնդման, ընկերային հարցերու լուծման եւ քաղաքացիի արժանապատիւ կեանքին:

Եթէ այս առաջադրանքները չեն, որոնք կ՛առաջնորդեն ընտրական նոր օրինագիծի ճարտարապետները, երկիրը կը մատնուի նոր անորոշութիւններու եւ անհեռանկար նոր իրավիճակներու:

Բանաձեւը`  ընտրական նոր օրինագիծին, պէտք է կառուցուած ըլլայ համայնքներու իրողական ներկայացուցչութիւններու եւ միջհամայնքային համակեցութեան սկզբունքներուն վրայ: Գերակայ այդ երկու ուղղութիւններէն տարբեր որեւէ ուղղութիւն կը սպառնայ Լիբանանի կայունութեան եւ անդորրութեան:

Նախորդը

Նալբանդեան Հանդիպում Պիտի Ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (28 Յունուար 1963)

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.