Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (26 Յունուար 1963)

January 26, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սաստիկ Ձմեռ Լիբանանի Մէջ

Փոթորիկն Ու Անձրեւը Նիւթական
Մեծ
Վնասներ Պատճառեցին

Աւելի քան 48 ժամէ ի վեր ձմեռը սաստկացաւ ամբողջ Լիբանանի մէջ ու փոթորիկը` հեղեղային անձրեւի հետ, վնասներ պատճառեց երկրագործութեան, մինչ կարգ մը վայրերու մէջ տուներ մեկուսացուեցան եւ ելեկտրական հոսանքը ընդհատուեցաւ:

Արդարեւ, Ոստիկան Զօրաց առօրեայ տեղեկագիրը կը յայտնէ, թէ Հարաւային Լիբանանի Շեպաա գիւղը ամբողջովին կտրուած է արտաքին աշխարհէն, մինչ Աքքարի Շէյխ Մոհամմէտ գիւղին մէջ տուներուն տանիքներն ու բազմաթիւ ծառեր փոթորիկին իբրեւ հետեւանք քանդուած են:

Միւս կողմէ, երթեւեկը անկարելի դարձաւ Թրիփոլի-Հոմս ճամբուն վրայ, որ ձիւնով ծածկուած է: Ինքնաշարժները ստիպուած Հալպա-Ժուսէ ճամբան բռնեցին:

Երկրագործական նախարարութեան բանբերը յայտնեց, թէ ձիթենիի պարտէզները լուրջ վնասներ կրած են Շուֆի հարիւրի մօտ գիւղերուն եւ Շուէյֆաթի մէջ:

Բացի ատկէ, երթեւեկը արգիլուեցաւ Փաշայի կամուրջին վրայ (Պէյրութի արուարձանը), ուր գետին ջուրը աննախընթաց մակարդակի մը հասաւ:

Սին էլ Ֆիլի մէջ ջուրը տարաւ երեք ինքնաշարժներ եւ հրշէջները մեծ դժուարութեամբ զանոնք հանեցին գետէն: Զոհեր չկան, այլ զուտ նիւթական վնասներ:

Վերջապէս, բազմաթիւ հեռագիրներ ղրկուած են ներքին նախարարութեան` Նահր Իպրահիմի գետափնեայ բնակիչներուն կողմէ, որոնց բնակարանները, սրճարաններն ու պարտէզները վնասուեցան գետի յորդումին պատճառաւ:

Օդաչափը այսօրուան համար ցոյց կու տայ գէշ օդի յարատեւումը, փոթորիկը, սաստիկ անձրեւ եւ ձիւն 1000 մեթրէն վեր:

Գալով անձրեւին, բնական միջինը շատոնց անցած է թէ՛ Պէյրութի եւ թէ Պեքաայի մէջ: Մայրաքաղաքի մէջ 1 սեպտեմբեր 1962-էն ի վեր տեղացած է 579,53 միլիմեթր անձրեւ: Անցեալ տարի նոյն շրջանին, այս թիւը 457,86 էր: Բնական միջինն է 532,28 միլիմեթր:

Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները անջատուած ըլլալով` Պեքաայի անձրեւաչափին տուեալները կարելի չեղաւ ստանալ:

Պէյրութի մէջ ջերմութեան նուազագոյն աստիճանը երէկ եղաւ 13, Թրիփոլի` 11, Ռայաք` 4, Մերժայուն` 6, Մայրիներ` 2, Տահր էլ Պայտար` 1:

Դամասկոսի մէջ 6 էր, Գահիրէ` 17, Պաղտատ` 19, Պասրա` 23, Թեհրան` 13, Պոլիս` 4, Աթէնք` 4, Հռոմ` 4, Ժընեւ` 4, Ֆրանքֆորթ` 5, Փարիզ` 7, Լոնտոն` 8, Վիեննա 3:

 

Նոր Հանքեր

Քանի մը նոր հանքեր գտնուեցան վերջերս, որոնց շնորհիւ հարստացաւ Հայաստանի բնական հարստութիւններու ցանկը: Երեւանի մօտերը գտնուած է Անդրկովկասի համար հազուադէպ եղող ֆոսֆորաքարի հանք մը: Հոկտեմբերեանի (Արմաւիր) շրջանին մէջ` շինութեան համար գործածուող աւազի հանք մը: Ոսկիի, պղինձի եւ օգտակար այլ հանածոներ` զանազան վայրերու մէջ: Միւս կողմէ, հայ երկրաբանները յայտնաբերած եւ փորած են երեք հարիւր նոր հորեր` ջուրի առատ պաշարով:

 

Ակադ. Վ. Համբարձումեան
Ի
Պատուի

Աւստրալիոյ Ազգային համալսարանի խորհուրդը որոշեց պատուոյ անդամ ընտրել աստղագէտ Վ. Համբարձումեանը: Համապատասխան վկայագիրը պիտի յանձնուի մարտ ամսուն, երբ Վ. Համբարձումեան Աւստրալիա երթայ մասնակցելու համար Միջազգային աստղագիտական միութեան կազմակերպած գիտական համաժողովին:

 

Րաֆֆի` Տասը Հատորով

Հայ ազատագրական շարժման մեծ դարբնիչներէն Րաֆֆիի ծննդեան 125-ամեակին առթիւ «Հայպետհրատ»-ը սկսաւ հրատարակել գրագէտին բոլոր գործերը` ամփոփուած տասը հատորներու մէջ: Հրապարակի վրայ է արդէն առաջին հատորը, որ կը բովանդակէ «Սալբի» վէպը, «Հարէմ» վիպակը, «Անբախտ Հռիփսիմէն», «Գեղեցիկ Վարդիկը», «Ուխտեալ միանձնուհին», «Տնային փեսայ» եւ այլ գործեր:

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Սուրբ Սարգիս Եւ Սրբութեան Գաղափարը *

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.