Ապրիլի վերջաւորութեան ամերիկացի ու եւրոպացի խումբ մը մասնագէտներ յայտնած են, թէ բնականէն աւելի լացող երեխաները շատ աւելի հակամէտ են հետագային վարուելակերպի հետ առնչուած լուրջ հարցեր ունենալու վտանգին, քան` համեմատաբար նուազ լալկան երեխաները:
Մասնագէտները նշած են, թէ շատ լացող երեխաներուն ծնողները ընդհանրապէս դժուարութիւն ունին զանոնք սնուցանելու ու քնացնելու:
Լալը սովորական երեւոյթ մըն է երեխաներուն մօտ, մասնաւորաբար` անոնց կեանքին առաջին երեք ամսուան ընթացքին, երբ ընդհանրապէս աղիքներու ցաւ կ՛ունենան: Սակայն կարգ մը երեխաներ անհասկնալի պատճառներով բնականէն աւելի կու լան նոյնիսկ երեք ամիսէն ետք:
Մասնագէտները իրենց ուսումնասիրութեան մէջ նկատի ունեցած են տասնեօթը հազար երեխայ: Անոնք հետեւած են նշեալ երեխաներուն առողջական վիճակին, ինչպէս նաեւ` անոնց լացին յաճախականութեան, սնունդին ու քնանալուն առնչուած մանրամասնութիւններուն:
Մասնագէտները բաղդատական մը կատարած են 1987-2006 թուականներուն կատարուած քսաներկու ուսումնասիրութիւններէ հաւաքուած տեղեկութիւններուն միջեւ, եւ որոշ կապ մը գտած են վերոնշեալ երեւոյթներուն ու հետագային չափահաս տարիքին վարուելակերպի հետ առնչուած հարցերուն միջեւ:
ԼԱԼԸ` ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑ
Մասնագէտները նկատած են, թէ չափազանց լացող երեխաներուն մօտ բարձր եղած է չափահաս տարիքին ճնշուածութենէ տառապելու վտանգին տարողութիւնը, ինչպէս նաեւ` յարձակողական վերաբերմունք, կեդրոնացումի պակաս ու գերաշխուժ վիճակ մը ունենալու վտանգին տարողութիւնը:
Մասնագէտները ըսած են, թէ նշեալ երեխաները առողջական հարցեր չեն ունեցած իրենց մանկութեան շրջանին. հետեւաբար կարելի չէ անոնց լացին պատճառը վերագրել որեւէ հիւանդութենէ տառապելու երեւոյթին:
Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտներէն փրոֆ. Տայթըր Ուոք ըսած է, թէ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած տեղեկութիւններէն պատրաստուած վիճակագրական տուեալները ցոյց տուած են, թէ երեխաներուն շատ լալը կրկնապատկած է հետագային անոնց վարուելակերպի հետ առնչուած լուրջ հարցեր ունենալու վտանգին տարողութիւնը:
Միւս կողմէ, սակայն, մանկաբուժ տոքթ. Ճէյն Վալենթ ըսած է, թէ նման ուսումնասիրութեան մը պարզած պատկերը պէտք չէ անտեղի մտահոգութիւն յառաջացնէ ծնողներուն մօտ: Ան բացատրած է, թէ կարգ մը երեխաներ կրնան համեմատաբար աւելի լալկան ըլլալ միւսներէն, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ անոնք անպայմանօրէն վարուելակերպի հետ առնչուած լուրջ հարցեր կ՛ունենան հետագային:
Տոքթ. Վալենթ նշած է, թէ երեխաներուն մօտ լալը բնական երեւոյթ մըն է, ինչպէս նաեւ իրենց միջավայրին հետ հաղորդակցելու միակ միջոցն է` նախքան խօսելու սկսիլը:
Փրոֆ. Ուոք ըսած է, թէ մանկաբուժներ կրնան ցուցմունքներ տալ շատ լացող երեխաներուն ծնողներուն, որպէսզի կարելի եղած չափով կանոնաւորուի անոնց քունն ու սնունդը, ինչպէս նաեւ` լացին տարողութիւնը: Սակայն ան անհրաժեշտ գտած է, որ նման երեխաներ ունեցող ծնողներ անպայմանօրէն յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնեն իրենց զաւակներուն, մասնաւորաբար` այս վերջիններուն մանկութեան շրջանին, որպէսզի կարելի ըլլայ առաջքը առնել եւ կամ նուազեցնել հետագային անոնց մօտ յառաջանալիք վարուելակերպի հետ առնչուած հարցերուն հաւանականութեան տարողութիւնը:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
(Օգտագործուած աղբիւրներ`
«ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ» եւ «ՀԵԼԹ ՏԷՅ»)


